ՄՈՍԿՈՒԱ.- Մոսկուայի մէջ պիտի բացուի հայկական դպրոց մը, որուն առաջին 4 դասարաններու աշակերտները պիտի սորվին հայոց լեզու, իսկ բարձր դասարաններուն մէջ հայերէնով պիտի դասաւանդուի հայ ժողովուրդի եւ հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւնը:
«Էյ.Վի.Էյ.»ի (Կրուփ աֆ քոմփանիզ օյլ էնտ կազ) նախագահ Վլատիմիր Յարութիւնեան, Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ տեղի ունեցած «Ռուսիա՝ երէկ, այսօր, վաղը» թեմայով դասախօսութեան ընթացքին նշեց, որ համապատասխան ծրագիր կը մշակուի: Ան հաստատեց, որ առանց անցեալի պատմութեան դժուար է դիմակայել եւ հասկնալ այսօրուան բարդ մարտահրաւէրները՝ շեշտելով, որ ներկան նաեւ անցեալի պատմութեան արժէքներու պահպանումն է: Ան ընդգծեց, որ այսօրուան կարեւորագոյն հարցը կիրթ հասարակութիւն ունենալն է: