ԵՐԵՒԱՆ.- 22 Մայիսին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներ, տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներ ու բարերարներ, հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարեցին Կապանի հիւանդանոցի մանկական բաժանմունքին: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Կապանի քաղաքապետ Արթուր Աթայեան, վարչակազմի անդամներ, հիւրեր, բժշկական կազմի անդամներ:
Ծրագիրը կը հովանաւորէր Հիմնադրամի Բրիտանիոյ տեղական մարմինը՝ բարերար Կարապետ Նազարեանի կտակած 1 միլիոն տոլարով: Այս առիթով Կապան կը գտնուէին նաեւ Հիմնադրամի Բրիտանիոյ տեղական մարմինի ատենապետ Արմինէ Կարապետ, փոխատենապետ Վէռնոն Յովսէփեան եւ բրիտանահայ շուրջ տասեակ մը հիւրեր:
Բաժանմունքի 860 քիլոմեթր տարածքին վրայ կառուոցուած երկյարկանի շէնքը անբողջութեամբ նորոգուած է: Նուիրուած է է կահոյք, բժշկական սարքեր եւ շտապ օգնութեան ինքնաշարժ:
Մանկական բաժանմունքին մէջ կը բժշկուին շնչառական եւ տարբեր ժահրերէ վարակուած մանուկներ։ Բաժանմունքը կրնայ օրական 15 հիւանդ ընդունիլ: Տարեկան 400-450 մանուկ կը բուժուին հոն: Կայ նաեւ նորածիններու յատուկ բաժին»։ Բաժանմունքի աւագ բուժքոյր Դոնարա Սարգսեան յայտնած է. «Շատ ուրախ ենք, որ այսօր այսպիսի բաժանմունք ունենք: Երբ յիշում եմ, թէ նախկինում ինչպիսի պայմաններում էինք աշխատում, բառեր չեմ գտնում արտայայտելու իմ եւ գործընկերներիս երախտագիտութիւնը»:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին նուիրատուութիւն կատարելու համար դիմել՝ donate.himnadram.org-ին։