23 Մայիսին՝ ժամը 11ին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանհիմնարկի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան աջակցութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ամերիկեան Կարմիր Խաչի հիմնադիր Քլարա Պարթոնի յիշատակին նուիրուած հանդիսաւոր հանդիսութիւններ: Այս առիթով խօսք պիտի առնեն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնը, Քլարա Պարթոնի տուն-թանգարանը ներկայացնող պատմաբան Քեւին Փաթին:
Տեղի պիտի ունենայ նաեւ 1896 թուականին Քլարա Պարթոնի պատրաստած զեկուցումին՝ «Ամերիկեան Կարմիր խաչի նպաստամատոյց առաքելութիւնը Փոքր Ասիոյ մէջ» նիւթով անգլերէն եւ հայերէն գիրքերու շնորհանդէսը: Զեկուցումը հայերէնի թարգմանուած եւ հրատարակուած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան աջակցութեամբ:
Այս առիթով Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի գիտական խորհուրդի որոշումով պատրաստուած է «Երախտագիտութիւն» անուանակարգով եւ Քլարա Պարթոնին նուիրուած ոսկեայ յուշամետալ, որով պիտի պարգեւատրուին մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերած անձեր եւ կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ հայ-ամերիկեան բարեկամութեան ամրապնդման իմաստով ներդրում ունեցած անձնաւորութիւններ։
Նոյն օրը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ բացումը պիտի կատարուի Ք. Պարթոնի նուիրուած ժամանակաւոր ցուցահանդէսին, որուն մասնակիցներուն պիտի բաժնուի Ք. Պարթոնի 190ամեակի առթիւ պատրաստուած յիշատակի բացիկներ:
Այնուհետեւ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի Յուշապատի մէջ Քլարա Պարթոնի գերեզմանէն բերուած հողի ամփոփման եւ յուշատախտակի տեղադրման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Միացեալ Նահանգներու Կարմիր խաչի հիմնադիր եւ նախագահ Քլարա Պարթոն ծնած է 1821ին Մասաչուսեց նահանգի Օքսֆորտ քաղաքին մէջ: Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին իր ծաւալած մարդասիրական գործունէութեան համար ան ճանչցուած է «Մարտադաշտի հրեշտակ» անունով։
Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն նկատմամբ 1895-1896 թուականներուն գործադրուած զանգուածային կոտորածներուն մասին տեղեկանալով՝ Քլարա Պարթոն 1896ին կը մեկնի Պոլիս եւ շուրջ մէկ տարի կը ղեկավարէ ջարդերէն տուժածներուն եւ անօթեւաններուն նիւթական օգնութիւն տրամադրելու աշխատանքները։
Անոր ջանքերուն շնորհիւ ջարդերէն փրկուած հայերուն կ՛ապահովուի կացարան, սնունդ, դեղորայք եւ հագուստ: Օսմանեան կառավարութեան յարուցած բազմաթիւ խոչընդոտներուն պատճառով Քլարա Պարթոն կը ստիպուի Միացեալ Նահանգներ վերադառնալ։
1896ին իր գործընկերներուն հետ Քլարա Պարթոն կը հրատարակէ զեկուցում մը՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրենց ծաւալած մարդասիրական գործունէութեան մասին։