ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կը մեծարենք ազգային բարերարներ: Կը մեծարենք մշակութային-հասարակական գործիչներ: Կը մեծարենք ժողովրդանուէր մարդիկ:
Ինչպէ՞ս կը կատարուին մեծարանքի արժանի անձերու ընտրութիւնը:
Միութիւններու կողմէ մեծարեալները կ՛ընտրուին նոյն միութեանց ղեկավար բարձրագոյն մարմինին կողմէ: Գնահատելով իրենց ընկերոջ կազմակերպական վաստակը կամ անոր նիւթական զոհաբերութիւնը՝ վարչութիւնը կ՛որոշէ պատուել իր անդամներէն մէկը, կամ մի քանին, յատկապէս կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին. ձեռնարկ մը, որ կրնայ միեւնոյն ատեն ծառայել հանագանակային նպատակի:
Համայնքային մակարդակի վրայ, մեծարեալներու ընտրութիւնը քիչ մը աւելի բարդ է: Այստեղ կարեւոր դեր կը խաղան ազգային-կրօնական կառոյցները, որոնց հոգեւոր կամ աշխարհիկ ղեկավարութիւնը ճշդուած ընթացակարգով մը կամ որոշ նկատառումներով, կ՛որոշէ իր կողմէ ստեղծուած մեծարանքի աստիճան մը շնորհել անձի մը՝ միշտ նկատի ունենալով անոր նիւթական կամ բարոյական նպաստը համայնքի կեանքին մէջ:
Մեծարանքի յաջորդ մակարդակը՝ համազգային կամ վեր համայնքային գնահատման դրութիւնն է, որուն մենաշնորհը ունին կաթողիկոսները կամ պետական կառոյցները: Այս պարագային եւս, կը գործէ ընտրութեան երկու կարգ. մէկը՝ ներքեւէն, համայնքէն ներկայացուած թեկնածուներով, միւսը՝ ուղղակի մեծարողի (կաթողիկոս, նախագահ, նախարար) միանձնեայ որոշումով:
Մեծարողները, եթէ նրբանկատ են ու հասարակական կարծիքի հանդէպ զգայուն, ապա կը ջանան որոշ հաւասարակշռութիւն մը ցուցաբերել բարերարներու ու մշակութային-հասարակական գործիչներու շնորհներ բաշխելու որոշումներուն մէջ: Այս հաւասարակշռութիւնը պահպանելը, նոյնպէս, որոշ արժէքային համակարգ մը քարոզելու նպատակին կը ծառայէ, այսինքն՝ մտաւորական-ստեղծագործական նուիրումը առնուազն չանտեսելու մտածողութեան արտայայտութիւնը պէտք է ըլլայ:
Այս խորհրդածութիւնը խիստ սահմանափակ եւ պակասաւոր նկատելով՝ կ՛առաջարկեմ հարցը բանալ հանրային քննարկման: Դուք, օրինակ, սիրելի՛ ընթերցողներ, զո՞վ մեծարանքի արժանի կը նկատէք: Այդ արժանաւորին անունը առաջարկելու ուրիշ ի՞նչ միջոց ունիք: Ահա թերթը ձեզի կու տայ առիթը՝ ձեր նախընտրած ազգային բարերարին կամ մշակութային-հասարակական գործիչին անունը հրապարակաւ յայտարարելու: Այս քայլով կրնանք քաոս մը ստեղծել, կամ՝ այս գործը աւելի ամբողջական ու համակարգուած դարձնելու ճանապարհ մը ուրուագծել:
Մինչ այդ, մենք սրտանց կը շնորհաւորենք բոլոր հին ու նոր մեծարեալները ու կը մաղթենք, որ ո՛չ մէկ արժանաւոր անձ զրկուի այդ պատիւէն: