ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հանրապետութիւն կուսակցութեան ղեկավար Արամ Սարգսեան անդրադառնալով ՀԱԿը լքելու իրենց դրդապատճառներուն՝ ըսած է, թէ Հայ Ազգային Կոնգրեսին մէջ մնացած են միայն ռուսամէտ ուժերը։
Նախորդ շաբաթ Հանրապետութիւն կուսակցութիւնը դուրս եկաւ ՀԱԿէն՝ յայտարարելով, որ ներքաղաքական խնդիրներու լուծման, ինչպէս նաեւ արտաքին քաղաքական հարցերուն մէջ Կոնգրեսին հետ ունին ռազմավարական եւ մարտավարական սկզբունքային տարաձայնութիւններ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադառնալով այդ տարաձայնութիւններուն՝ Արամ Սարգսեան նշած է, որ այդ մասին ինք նախապէս եւ հրապարակաւ խօսած է. «Թէ՛ հայ-ռուսական յարաբերութիւնների եւ 49 տարով պաշտպանութեան պայմանագիր կնքելու, թէ՛ քոալիսիային ամբողջութեամբ որպէս պատասխանատու ճանաչելու, թէ՛ թաքթիքական անունով՝ ես տեսել եմ, գործընթացները պիտի արուի մինչեւ ընտրութիւններ: Կայ այսօր Հայ Ազգային Կոնգրես, որը գնում է Ազգային ժողով, գնում է իր եօթը պատգամաւորներով այնտեղ աշխատանք անելու: Կայ Հանրապետութիւն կուսակցութիւն, որը ասել է, որ ինքը գերադասում է մնալ փողոցում հասարակութեան հետ, ու երբ այդ հասարակութիւնը փողոց դուրս կը գայ, մենք կը լինենք այդ հասարակութեան շարքերում, եթէ այդպիսի պատիւ ընձեռուի՝ կարող ենք նաեւ առաջնորդել»:
Անդրադառնալով այն տեսակէտին, որ Հայ Ազգային Կոնգրեսէն կ՛անջատուին արեւմտամէտ դիրքորոշում ունեցող ուժերը՝ Արամ Սարգսեան ըսած է. «Դժուար չէ տեսնել, որ ՀԱԿում մնացել են միայն ռուսամէտ ուժերը: Ես ինձ համարում եմ Հայաստանի քաղաքացի: Ես իմ երկրի ապագան տեսնում եմ արեւմտեան չափանիշներով: Ես չեմ տեսնում, որ մենք սովորելու բան ունենք Ռուսաստանից: Ճիշդ է, քիչ յառաջադէմ է, քան Նազարբաեւի կամ Ալիեւի ընտրած տարբերակները, բայց մեր համար դա յառաջադէմ չէ: Ես չեմ բացառում նաեւ, որ Հայաստանում կիրառւում է նոյն տարբերակը: Ես տեսնում եմ «Բարգաւաճ Հայաստան»ի թիկունքում Ռոպերթ Քոչարեանին»:
Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած քաղաքական դաշինքէն դուրս գալու՝ Հանրապետութիւն կուսակցութեան որոշումին պատճառներէն մէկը նաեւ ՀԱԿ-ԲՀԿ համագործակցութիւնն էր, որուն դէմ արտայայտուած է Արամ Սարգսեանը եւ այդ մասին արտայայտուած նաեւ Հայ Ազգային Կոնգրեսին կողմէ Էրեբունիի մէջ կայացած հաւաքին ատեն։ Նշենք, որ ՀԱԿի համակարգող Լեւոն Զուրաբեանը վերջերս «Լրագիր»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած էր, որ ԲՀԿ-ՀԱԿ համագործակցութիւնը քննադատելու մէջ որեւէ տրամաբանութիւն չկայ: Աւելի՛ն, ան դիտել տուած էր, որ բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն ՀԱԿէն փախչիլ պիտի անհետանան քաղաքական ասպարէզէն:
Արամ Սարգսեան, հակադարձելով Զուրաբեանի այս տեսակէտին՝ յայտնած է, որ այդ նոյն պայծառատեսները ՀԱԿի Մայիսի 8ի հանրահաւաքին նաեւ չէին բացառեր, որ Գագիկ Ծառուկեան միանայ իրենց, ինչ որ երբեք ալ տեղի չունեցաւ։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք կարելի՞ է արձանագրել, որ Տէր Պետրոսեանը սխալ հաշիւներ ըրած էր ԲՀԿին կարեւոր դերակատարութիւն տալով քաղաքական այս կացութեան մէջ՝ Սարգսեան ըսած է. «Ես երբեք ինձ թոյլ չեմ տայ առաջին նախագահի տեսակէտները սխալ կամ ճիշդ որակել: Առաւել եւս, որ ինքը շատ քորեքթ է եւ ասել է, որ ժամանակը ցոյց կը տայ: Ես կիսում եմ իր այդ տեսակէտը. ժամանակը ցոյց կը տայ, թէ ով էր ճիշդ, ով՝ սխալ այս մօտեցման առումով: Իմ կարծիքով, միայն այն հանգամանքը, որ Հանրապետութիւն կուսակցութիւնը դուրս եկաւ ՀԱԿից, արդէն կորուստ է, չարժեր դա փոխարինել սրանով»:
Արամ Սարգսեան նշած է, թէ ինք ունի այն տպաւորութիւնը, որ ՀԱԿի մէջ՝ «բոլորն էլ սպասում էին իրենց դուրս գալուն»:
«Եթէ յիշէք, թէ մանտան դնելու առումով ինչպիսի տեսակէտներ են յայտնել… անհամբեր սպասում էին, թէ ես երբ պիտի վայր դնեմ մանտան, իսկ այդ մարդիկ նախագահի մամուլի խօսնակ են աշխատել եւ իրենց խօսքի գինը գիտեն եւ ուղղակի իրենց ցանկութիւնները ի ցոյց էին դրել: Ես համոզուած եմ, որ իրենք ուզում էին, որ այդպէս լինէր: Ի հարկէ, իրենց շատ աւելի ձեռնտու կը լինէր, որ ես վախենայի, դուրս չգայի, բայց ես այդ կերպը չեմ: Եթէ քայլերը փլանաւորւում են առանց քեզ, դու ուղղակի ֆասադ ես, ուղղակի գործօն ես, որ պիտի իրենց հետ լինես, իսկ եթէ իրենց հետ չեղար, ուրեմն դաւաճան ես ու ծախուած, ես նման բաների չեմ մասնակցում», դիտել տուած է Սարգսեան:
Արամ Սարգսեան ըսած է, թէ երբ կառավարութիւն կազմուի, եւ քաղաքական վերադասաւորումները աւարտին, այն ատեն Հանրապետութիւն կուսակցութիւնը ներքաղաքական բանակցութիւններու պիտի սկսի քաղաքական այն ուժերուն հետ, որոնք կը կիսեն իր տեսակէտները: «Հանրապետութիւն»ը կը ծրագրէ նաեւ մարզային հանդիպումներ կայացնել աշնան, չի բացառեր, որ հանրահաւաք մը կայացուի նաեւ Երեւանի մէջ։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք կը պատրաստուի՞ նախագահական ընտրութիւններուն՝ Սարգսեանը պատասխանեց. «Մենք միանշանակ որեւէ քաղաքական փրոցես բաց չենք թողնելու. այս պահին ես չեմ տեսնում իմ առաջադրելու նպատակայարմարութիւնը: Ես չեմ գտնում, որ ես պիտի առաջադրուեմ 2013 թուականի նախագահական ընտրութիւններում: Ես դա կ՛անեմ միայն մի դէպքում. երբ ինքս զգամ նման պահանջարկ, երբ ես ինքս զգամ, որ հասարակութեան, քաղաքական դաշտի համախմբման հնարաւորութիւն ընձեռնւում է նաեւ իմ անձով՝ որպէս թեկնածու ի յայտ գալը: Այդ դէպքում, ի հարկէ, իմ վրայ պատասխանատուութիւն կը վերցնեմ եւ իմ թեկնածութիւնը կ՛առաջադրեմ»: