Ֆլորիտայի «Ճեքսընվիլ» թերթը կը հաղորդէ, թէ Սահակ Թումանեան անունով հայ մը, Հինգշաբթի, Մայիս 17ին, ֆլորտիայի ատեաններէն մէկուն մէջ հինգ տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, պետական «Մետիքեր» առողջապահական ապահովագրական ցանցը շահագործելու յանցանքով։
Ան, իր կնոջ հետ միասին, ապօրինի միջոցներով բնակութիւն հաստատած էր Լոս Անճելըսի մէջ: Բանտարկութեան աւարտէն ետք, ան մեծ հաւանականութեամբ պիտի արտաքսուի երկիրէն, ինչպէս նաեւ 309,000 տոլար պիտի վերադարձնէ պետութեան։
Թումանեանի եւ անոր կողակիցին դէմ դատը սկսած էր անցեալ Օգոստոսին։ Թումանեան ինքզինք մեղաւոր ճանչցած էր՝ դրամ «լուալ»ու եւ դաւադրութեան յանցանքներով, որուն շնորհիւ կառավարութիւնը ջնջած էր Թումանեանի կնոջ դէմ մեղադրանքը եւ դատարանէն խնդրած էր աւելի մեղմ վճիռ արձակել։
Նոյն ոճրախումբին մաս կազմող Արթիւր Մանասարեան՝ դարձեալ Լոս Անճելըսէն, նախապէս դատապարտուած էր 14 տարուն բանտարկութեան եւ 1.8 միլիոն տոլար տուգանքի, իսկ Նիւ Մեքսիքոյէն Խորէն Գասպարեան, որ նմանապէս իր դէմ եղած ամբաստանութիւնները ընդունած է, իշխանութեանց հետ գործակցելով՝ կը փորձէ իր դէմ արձակուելիք վճիռը մեղմացնել: Խմբակին այլ անդամ մը՝ Գեղամ Սարգսեան, տակաւին կը հետապնդուի «Ինթըրփօլ»ի կողմէ: