«Ֆերահեան» ազգ. վարժարանէն ներս Մայիս ամիսը յատկանշուեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած Թելեթոնով, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մայիս 20, 2012ին: Նոյնը կատարուեցաւ նաեւ «Գապայեան» նախակրթարանէն եւ «Աշխէն Փիլաւճեան» մանկամսուրէն ներս: Մեծ ու փոքր, իրենց կարելիութեան չափով պիտի նպաստէին Թելեթոնին:
Ինչպէս գաղութը, նոյնպէս եւ «Ֆերահեան»ի ծնողները, իրենց նուիրատուութիւններով մասնակցեցան դրամահաւաքին: Հայ Դատի ամիս ըլլալու կողքին, Մայիս ամիսը կը յատկանշուէր նաեւ իբրեւ Մայիսեան անկախութեան եւ Սփիւռքի մէջ շարունակուող պայքարի ամիս:
Դասապահերու ընթացքին, աշակերտներուն բացատրեցինք Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերուն առաջնահերթ դերը Հայ Դատի պայքարի հետապնդման մէջ: Խօսեցանք երիտասարդութեան մասնակցութեան կարեւորութիւնը Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ եւ Թելեթոնի մասին՝ իբրեւ համահայկական դրամահաւաք եւ ազգային գիտակցութեան արշաւի միջոց:
«Ի՞նչ կազմակերպութիւն է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը», «Ո՞ւր է անոր կեդրոնը», «Ի՞նչ գրասենեակներ ունի աշխարհի տարածքին» եւ ամէնէն կարեւորը՝ «Ի՞նչ է անոր գործունէութեան ծիրն ու նպատակը»:
Այս հարցումները ներկայացուեցան աշակերտներուն, թէ՝ դասապահերու ընթացքին եւ թէ դասախօսական ձեռնարկներով: Ինչպէս միշտ, այս պարագային եւս, հայերէնի դասատուները աշխատանքի լծուեցան: Պէտք է աշակերտութեան ներկայացուէին Հայ Դատի աշխատանքները՝ Ամերիկայէն մինչեւ Հայաստան ու Արցախ:
Արդարեւ, Երեքշաբթի, Մայիս 8ին, Էնսինոյի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ, մասնակցութեամբ միջնակարգ եւ երկրորդական բաժնի աշակերտութեան: Բանախօսն էր «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժնի խմբագիր Արա Խաչատուրեան: Զինք ներկայացուց 12րդ կարգէն Արեւ Յովսէփեան, ընդգծելով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կատարած կարեւոր աշխատանքը:
Արա Խաչատուրեան, անգլերէնով եւ տպաւորիչ կերպով ընդգծեց Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն կարեւորութիւնը եւ զանոնք իրագործող Հայ Դատի յանձնախումբերուն բազմաբնոյթ աշխատանքը: Բացատրեց, թէ Հայ Դատի գրասենեակներ կան Ուաշինկթըն Տի.Սի.ի, Լոս Անճելըսի, Փարիզի, Պելճիքայի, Պէյրութի եւ Մոսկուայի մէջ:
Բանախօսը իր խօսքը համեմեց իր կեանքէն բերուած օրինակներով, ըսելով, թէ իբրեւ ամերիկահայ, սերտօրէն կապուած է իր արմատներուն: Ընդգծեց Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակին գործունէութիւնը, շեշտելով, թէ ինչպէս հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ Ուաշինկթըն Տի.Սի.ի մէջ կը պայքարին թրքական լոպիիսթներու դէմ: Ներկայացուց մեր պահանջները, որոնցմէ կարեւորագոյնը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումն է, եւ ըսաւ, թէ մենք պիտի պայքարին մինչեւ ապահովենք մեր բոլոր իրաւունքները:
Արա Խաչատուրեան ուրախութեամբ յիշեց, թէ 9 Մայիսին նշենք Շուշիի ազատագրման 20ամեակը, յիշելով, թէ այդ յաղթանակը Հայ Դատի պայքարի կարեւոր օղակներէն մին է: Շեշտեց այն երեւոյթը, որ Հայ Դատի պայքարը յատկապէս երիտասարդութեան պայքարն է, եւ աշակերտներուն կոչ ուղղեց, որ ապագային իրենք ըլլան այս պայքարը շարունակողները եւ այս ամպիոնէն իրենք է, որ ելոյթ ունենան:
«Ես կը զօրակցիմ Հայ Դատին», «Ես եմ Հայ Դատը» լօզունգներ կրող շապիկներ բաժնուեցան աշակերտներուն, որոնք ոգեւորութեամբ հագուեցան զանոնք եւ պիտի շարունակեն հագուիլ: Այս բոլորը ամբողջ դպրոցը վարակեցին Թելեթոնի մթնոլորտով:
«Այս իմ բաժինս է Թելեթոնին», ըսաւ աշակերտուհի մը, ուրախութեամբ մեզի յանձնելով իր պահարանը, որուն մէջ իր նուիրատուութիւնը կար:
Եւ երբ գնահատական խօսքեր ըսինք իր ծնողքին, որ կը քաջալերէ Հայ Դատի աշխատանքները, ան պատասխանեց ըսելով.
«Այս գումարը ես հաւաքած եմ, ծնողքս չէ տուած»:
Այս էր գեղեցիկ երեւոյթը, եւ ուրախ էինք, որ մեր պատգամը փոխանցած էինք աշակերտուհիին:
(Վարժարանի թղթակից)