ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միջազգային վիճակագրութեան համաձայն, ժամանակակից սողանքներու յառաջացման 80 տոկոսը առնչուած է մարդոց գործունէութեան:
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բացայայտուած է 2 հեկտար եւ աւելի մակերեսով 2504 սողանքային տեղամաս, որ հանրապետութեան ընդհանուր մակերեսին 4.1 առ հարիւրն է:
Ինքնաշարժի ճամբաներու ցանցի 7400 քիլոմեթրէն 240ը վնասaուած է 280 սողանքով, իսկ երկաթուղիի ցանցի ընդհանուր 870 քիլոմեթրէն 4.8ը վնասուած է 10 սողանքով:
Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու գրասենեակէն տեղեկացուցին, որ 1 Յունուար 2012ի դրութեամբ հանրապետութեան տարածքի սողանքային գօտիներուն մէջ գտնուող շրջաններուն մէջ կայ 1440 բնակելի տուներ, որոնցմէ 211ը՝ առաջին եւ երկրորդ աստիճանի վնասուած են։ 3րդ աստիճանի 526 բնակելի տուն կայ, իսկ 4րդ եւ 5րդ աստիճանի՝ 703:
Հայաստանի մարզերէն ամէնէն աւելի սողանքային գօտի ունի Վայոց ձորը, իսկ այդ գօտիներուն մէջ ամէնէն աւելի մեծ թիւով բնակելի տուներ կան Տաւուշի մարզին մէջ՝ 91 բնակելի տուն:
Քաղաքաշինութեան նախարարութեան համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան տարեկան պետական պիւտճէներէն յատկացուած մօտ 800 միլիոն դրամով 2002-2011 թուականներուն ընթացքին սողանքային գօտիներուն մէջ գտնուող բնակելի տուներու ապահովման ծրագիրերու շրջանակին մէջ լուծուած են 168 բնակարաններու խնդիրները, որոնցմէ Կոտայքի մարզին մէջ՝ 63, Սիւնիքի՝ 8, Տաւուշի՝ 30, Վայոց Ձորի՝ 14, Գեղարքունիքի՝ 52 եւ Լոռիի՝ 1: