ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ» իր զարգացման յաջորդ փուլը թեւակոխելու համար, անհրաժեշտութիւնը կը զգայ աւելի անմիջական ու գործնական աջակցութեան:
Զարգացման կ՛ըսենք, որովհետեւ թերթի գոյատեւումը ապահովելու խնդիր չունինք: Սակայն նաեւ կը գիտակցինք, որ այս թափով, այս արտադրութեան որակով, խմբագրական կազմի ներկայ ուժերով, հազիւ կարելի պիտի ըլլայ պահպանել այն, ինչ կը տեսնէք եւ կը կարդաք: Իսկ մեզ կ՛անհանգստացնէ այս իրավիճակը եւ կ՛ուզենք յաղթահարել ամէն տեսակի պատնէշ՝ յառաջ շարժելու կարելիութիւնը ստեղծելու համար:
Իբրեւ առաջին քայլ՝ կ՛առաջադրենք «Ասպարէզ»ի բարեկամներու շրջանակի մը կազմութիւնը: Այս շրջանակին մաս կազմելու հրաւիրուած էք բոլորդ:
Զարգացման ծրագիրի իբրեւ մաս, «Ասպարէզ»ի բարեկամները պիտի աշխատին երկու դաշտի վրայ.
Բարեկամներու առաջին խումբը հաւաքուելու, ժողով գումարելու խնդիր պիտի չունենայ: Այս խումբի անդամները պիտի նպաստեն բաժանորդներու թիւի աւելացման: Բոլոր անոնք, որոնք իրենց առօրեային մաս կը դարձնեն «Ասպարէզ»ը, բոլոր անոնք, որոնք կը յաջողին տարուան ընթացքին նուազագոյնը մէկ հոգի համոզել թերթի նոր բաժանորդ դառնալու, կը մտնեն «Ասպարէզ»ի բարեկամներու ցանկին մէջ, զոր խմբագրութիւնը պարբերաբար պիտի հրատարակէ թերթի էջերէն: Այս շրջանակին պատուոյ նախագահը դառնալու իրաւունքը շահած է Ցոլակ Յովսէփանը, որ վերջին վեց ամսուան ընթացքին ապահոված է երկու հարիւր նոր բաժանորդներ: Թերթը հովանաւորողները, իրենց զաւակին, եղբօր, ընկերոջ, թոռնիկին, հեռաւոր քաղաքներու մէջ հայութեան կարօտով ապրող իրենց ծանօթին «Ասպարէզ»ի բաժանորդագրութիւն նուիրողները, ինքնաբերաբար, կը դառնան մեր բարեկամները:
Բարեկամներու երկրորդ խումբը գործող յանձնախումբ պիտի դառնայ: Այս խումբը «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան զարգացման ծրագիրին համար նիւթական հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ: Այսինքն՝ թերթը կանոնաւոր կերպով երիտասարդական, արուեստի, ֆիլմարուեստի, գրականութեան, ժամանցի, մարզական եւ այլազան նիւթերով հարստացնելու հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ: Հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ նաեւ, որպէսզի «Ասպարէզ» աւելի ամբողջական, աւելի քննական ձեւով ներկայացնէ համայնքի իրադարձութիւնները:
Ցաւալի է, բայց՝ այո՛, մեր համայնքին մէջ կա՛յ մտաւոր ուժը, որ մենք կարենանք աւելի լաւ թերթ հրամցնել աւելի լայն ընթերցող զանգուածի մը: Ուրեմն, փոխանակ ողբալու, թէ մարդիկ չեն կարդար, չեն հետաքրքրուիր, աշխատինք այդ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու ճանապարհներ գտնել: «Ասպարէզ»ի բարեկամներու այս խումբին առջեւ այդ մարտահրաւէրը կանգնած է: Բոլոր անոնք, որոնք պատրաստ են այս խումբին անդամակցելու եւ այդպիսի յանձնառութիւն ստանձնելու, կը խնդրենք, որ կապուին խմբագրութիւն: