ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ դատապարտելով 8 Մայիսին Երեւանի DIY ակումբին դէմ գործադրուած արարքները, ինչպէս նաեւ անոր դէմ ի գործ դրուող մնայուն վայրագութիւնները:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Յանցագործութիւնը ուղղուած էր սեռային փոքրամասնութիւն կազմող խումբի դէմ: Հայաստանի Սահմանադրութիւնը կ՛արգիլէ բռնութեան հրահրումն ու իրագործումը: Որեւէ փոքրամասնութեան դէմ գործադրուած բռնութիւնը, ըլլայ անիկա ազգային, կրօնական, ցեղային թէ սեռային, աններելի է: Ատելութեան դրսեւորումները երբեւէ պէտք չէ արդարացուին պետական պաշտօնեաներուն կողմէ, ոչ ալ գովաբանուին: Անկախ այս կամ այն փոքրամասնութեան պատկանելու իրենց հանգամանքէն, բոլոր քաղաքացիներն ու օտար հիւրերը Հայաստանի մէջ հաւասարապէս պաշտպանուած են Հայաստանի սահմանադրութեամբ եւ օրէնքով, ուստի անոնց դէմ գործադրուած որեւէ բռնութիւն պէտք է արագ եւ վճռական կերպով դատապարտուի, իսկ օրինազանցները պէտք է պատժուին: Մենք կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի պաշտօնեաներուն՝ զերօ հանդուրժողականութեան քաղաքականութիւն կիրառելու ատելութենէ մղուած ի գործ դրուած բոլոր յանցագործութիւններուն եւ Հայաստանի մէջ փոքրամասնութիւններուն դէմ ուղղուած բռնութիւններուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ օրէնքով սահմանուած բոլոր քաղաքացիներու պաշտպանութիւնը ապահովելու իրենց պարտականութիւնը լիուլի կատարելու»։
Նախապէս նշուած էր, որ պայթումէն ետք DIY ակումբը յարձակումներու ենթակայ եղած էր։ Ակումբը պայթեցնելու հարցով քրէական գործ բացուած էր, պայթեցնողները ձերբակալուած, սակայն ազատ արձակուած էին։ Իսկ միւս յարձակումներու գծով քրէական գործ չէր յարուցուած։