Մարդու իրաւունքներու գծով միջազգային փորձագէտ, դոկտոր Ֆերնան տը Վարեն Ֆրանսայի մէջ գործող «Երկիր Եւրոպա» կազմակերպութեան խնդրանքով պատրաստած է զեկուցում մը՝ ջաւախքահայ քաղաքական գործիչ Վահագն Չախալեանի դատի քաղաքական-իրաւական տուեալներուն մասին:
«Ազգային փոքրամասնութիւն ըլլալու վտանգները. Մարդու իրաւունքները եւ Չախալեանը՝ ընդդէմ Վրաստանի» («The Perils of Being a National Minority: Human Rights and Chakhalyan v. Georgia») վերնագիրը կրող զեկուցումին մէջ Վրաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքական զարգացումներուն համայնապատկերին վրայ, ինչպէս նաեւ վրացահայութեան եւ ջաւախքահայութեան նկատմամբ վրացական իշխանութիւններուն քաղաքականութեան ծիրին մէջ կը ներկայացուի ջաւախքահայ քաղաքական գործիչին ձերբակալութեան եւ դատավարութեան, ինչպէս նաեւ յետդատական գործընթացներուն պատմութիւնը:
Զեկուցումին առանձին բաժինը նուիրուած է Չախալեանին եւ անոր ընտանիքի անդամներուն իրաւունքներուն հիմնական խախտումներուն, որոնք տեղի ունեցած են նախքան դատավարութիւնը եւ դատավարութեան ընթացքին, եւ որոնք կոպիտ կերպով կ՛ոտնահարեն անոր արդար դատաքննութիւնն ու ունեցած այլ իրաւունքները:
Նշենք, որ Վահագն Չախալեան ձերբակալուած է վրացական իշխանութիւններուն կողմէ 2008ի Յուլիսի 21ին: 2009ի Ապրիլի 7ին բացայայտ խախտումներով տեղի ունեցած դատավարութեան իբրեւ հետեւանք դատապարտուած է 10 տարուան բանտարկութեան։ Վահագն Չախալեանի գործը ներկայիս կը քննարկուի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ:
Վերոյիշեալ զեկուցումի հեղինակ դոկտոր Ֆերնան տը Վարենը իրաւագիտական բարձր վկայականներու տիրացած է՝ տարբեր երկիրներէ։ Իբրեւ ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուական իրաւունքի փորձագէտ՝ 2004ին արժանացել է Լինկուափաքս մրցանակին (Սպանիա)՝ իբրեւ գնահատական լեզուական բազմազանութեան եւ բազմալեզու կրթութեան բնագաւառին մէջ անոր կատարած աշխատանքին:
Տը Վարենը նաեւ կը համագործակցի բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, որոնց կարգին՝ Փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու գծով ՄԱԿի աշխատանքային խումբը, ԵՈՒՆԵՍՔՕն ու ԵԱՀԿն: