ՊՈԼԻՍ.- Պոլսահայ աթլէթի մարզիկ Թորոս Փիլիկօղլու, կարեւոր նուաճում մը արձանագրեց մարզական աշխարհէն ներս՝ հռչակուելով Թուրքիոյ ախոյեան հեռացատքի մարզաձեւին մէջ։ Թորոս Փիլիկօղլու, որ իր նախակրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ «Գալֆայեան» վարժարանէն, իսկ երկրորդական ուսումը՝ «Կեդրոնական»էն, 19-20 Մայիսին մասնակցեցաւ Իզմիրի ակումբային մրցաշարքին ու 7.62 մեթր ցատքելով՝ երկիրի ախոյեան հռչակուեցաւ։
«Այս կարեւոր յաջողութեան շնորհիւ, Փիլիկօղլու իրաւունք շահեցաւ Թուրքիան ներկայացնելու աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան ընթացքին։ Փիլիկօղլու երկիրի միակ մարզիկն է, որ երիտասարդներու դասաւորման մէջ Թուրքիոյ մեծերու լիկի ախոյեանի տիտղոսն ալ շահեցաւ», կը գրէ «Մարմարա» օրաթերթը։