Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է Պիննազ Օների Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Ետին Մնացածները» գիրքը:
Ըստ «Ակօս» թերթին՝ գիրքին մէջ կը պատմուի, թէ ինչպէս 1915ի ընթացքին տեղահանուած հայերէն ոմանք իրենց աղջիկ զաւակներուն կեանքը փրկելու համար, իրենց բարեկամ թուրք ընտանիքներուն յանձնած են զանոնք:
«Օներ ըսած է, որ իր վրայ շատ ազդած են այն մայրերուն պատմութիւնները, որոնք ստիպուած եղած են իրենց զաւակները ձգելու եւ թողած գացած են՝ անոնց կեանքը փրկելու համար», կը գրէ «Ակօս»:
«Մօր համար զաւակին թողնելը մահէն ալ վատ է: Միայն մայրը կը հասկնայ ուրիշ մօր մը զգացածը: Երեխայէն բաժնուելու ցաւը միայն մայրերը կրնան զգալ», կը յայտնէ Պիննազ Օներ:
Այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ գրել այդ գիրքը, Օներ պատասխանած է. «Մայրերու՝ իրենց զաւակները ձգել-երթալու պատմութիւնը, շատ ծանր ազդեցութիւն ունեցաւ վրաս: Զգայուն ամէն անձ կ՛ազդուի այդ պատմութիւններէն»:
Վէպին մէջ կը պատմուի, թէ Ուրֆայի Քայալըք գիւղին մէջ, 1915ի Օգոստոսին սկսած «մահուան եր»չէն առաջ, որոշ ընտանիքներ՝ ստիպուած՝ իրենց ետին ձգած են իրենց 16 աղջիկները: Աւելի ուշ, մանկահասակ աղջիկները ստիպած են ամուսնանալու տարիքով իրենցմէ շատ աւելի մեծ տղամարդոց հետ, եւ բռնի իսլամացուցած են զանոնք: «Այսինքն՝ ոչ թէ պատմած եմ այն մասին, թէ այդ երեխաները ինչպէ՛ս փրկուեցան, այլ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս իրենց ինքնութենէն կտրուելով՝ հոգեպէս ոչնչացան», կ՛ըսէ հեղինակը: