ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Դատի թելեթոնի նախապատրաստական ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Հինգշաբթի, Մայիս 17ի երեկոյեան, իւրայատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Ֆենիշիա» ճաշարանին մէջ, ուր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին, «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով պատուեց ազգային բարերար ու բազմամեայ գործիչ Մանաս Պուճիքեանը։
Հայ Դատի յանձնախումբն ու «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութիւնը, միացեալ նախաձեռնութեամբ մը, ընթրիքի երեկոյ մը կազմակերպած էին՝ ի պատիւ ազնիւ հայորդիին, անոր ծննդեան 80րդ տարեդարձին առիթով։ Յայտագիրը ունէր անակնկալի բաժին մը՝ պարգեւատրումը։ Արդարեւ, ընդառաջելով Հայ Դատի յանձնախումբի փափաքին՝ առաջնորդ սրբազանը եւ Ազգ. վարչութիւնը խնդրամատոյց եղած էին վեհափառ հայրապետին, որպէսզի պարգեւատրէ բարերարը։
Յանուն Հայ Դատի յանձնախումբին ու «Ասպարէզ»ին, խօսք առին Րաֆֆի Համբարեան ու Աբօ Պօղիկեան, լուսարձակի տակ բերելով Մանաս Պուճիքեանի տասնամեակներու ծառայութիւնները եւ բարեսիրտ գործերը։
Սրբազանը իր խօսքին մէջ դրուատիքով անդրադարձաւ պարգեւատրեալ հայորդիին կեանքի ասպարէզին՝ վեր առնելով անոր բարերարի ընթացքը եւ զայն բնորոշելով իբրեւ հայ ազգի ու անոր Դատին համեստ զինուոր։ Առաջնորդը շեշտեց, որ ազգային կեանքին ու կազմակերպութեանց գործօն ծառայութիւններուն կողքին, ան իր լումայէն բաժին հանած է Ազգ. առաջնորդարանին, Հայ Դատին, մեր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնց ծառայած է անդամակցելով մարմիններու եւ գործող միաւորներու։
Առաջնորդը ապա յայտարարեց, որ վեհափառը, ընդառաջելով խնդրանքին՝ «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշան շնորհած է Մանաս Պուճիքեանին։ Առ այդ, առաջնորդը, յանուն վեհափառ հայրապետին, Մանաս Պուճիքեանի կուրծքը զարդարեց շքանշանով:
Երեկոյի ընթացքին օրուան մեծարեալի մասին իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին իր տարիներու ընկերները, որոնց շարքին Վարուժան Գունտաքճեանը, տոքթ. Շահէ Շահպազեանը, դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը, Ժանօ Թիթիզեանը, Սարգիս Կիտցինեանը, Վահան Կարպուշեանը: Վարուժանը քակեց յիշողութիւններու կծիկը, պատմելով Մանասի կեանքէն հաճելի եւ յուզիչ դրուագներ, որոնց մասնակից եղած էին ներկայ բարեկամներու մեծամասնութիւնը:
Քեսպացի բարեկամներու խումբը «Զարթիր լաօ» երգով կատարեց ծիսական իւրայատուկ արարողութիւնը:
Խօսք առաւ նաեւ ինքը՝ մեծարեալը, շնորհակալութիւն յայտնելով երեկոյի մասնակցիներուն, որոնք փոխան տարեդարձի նուէրի, Հայ Դատի թելեթոնին կատարած էին իրենց «ներդրում»ը: