ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Գագիկ Ծառուկեանի համախոհական կառավարութեան մաս չկազմելու որոշումը պէտք է առիթ ծառայէր բազմաթիւ բարգաւաճականներու, յանուն իրենց անձնական բարգաւաճ վիճակի պահպանման՝ առնէտավազքի դիմելու՝ անմիջապէս դուրս նետուելով այդ կուսակցութեան շարքերէն:
Յայտարարութեան յաջորդող վայրկեաններուն իսկ եթէ առնէտավազքը չսկսաւ, Ծառուկեանի յայտարարութիւնը կրնայ այդ կուսակցութեան կարապի երգը չդառնալ, այլ՝ ինքնավստահ ընդդիմադիր նոր ուժի մը ծնունդը կրնայ ազդարարել հայկական քաղաքական դաշտին վրայ:
Նշանակալից է, որ Ծառուկեանի յայտարարութիւնը կը կատարուէր գրեթէ «Բարգաւաճ»ի համամասնական ցուցակէն ներկայիս նախարարի պաշտօնի վրայ գտնուող անձերուն՝ պատգամաւորական աթոռներէն հրաժարելու դիմումի նոյն ժամանակին:
Ի՞նչ որոշում կրնան առնել բարգաւաճական նախարարները.
Եթէ ուզեն նախարար մնալ ի հեճուկս Ծառուկեանի, ապա առնէտավազքի սկիզբը դրած կ՛ըլլան:
Եթէ չհրաժարին եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի որոշումով մնան կառավարութեան մէջ, ապա «Բարգաւաճ»ի համախոհական դահլիճէն դուրս մնալու որոշումը անիմաստ կը դարձնեն՝ վարկաբեկելով կուսակցութիւնը:
Եթէ պատգամաւորական լիազօրութիւններէ իրենց հրաժարականը ետ վերցնեն եւ որոշեն խորհրդարանի մէջ շարունակել իրենց կուսակցութեան դիրքերու պաշտպանութիւնը, ինչ որ տրամաբանական կրնայ նկատուիլ (ի վերջոյ ինչո՞ւ պատժել այս մարդիկը՝ զանոնք զրկելով թէ՛ պատգամաւորական եւ թէ նախարարական աթոռներէ), ապա «Բարգաւաճ»ը նոր դաշինքներով ու համաձայնութիւններով ընդդիմութեան ճակատը զօրացնող ուժի մը կը վերածուի:
Առաւել ուժեղ կը դառնայ «Բարգաւաճ»ը, եթէ նախարարները ենթարկուելով կուսակցութեան որոշումին՝ առանց բողոքի հրաժարին իրենց զոյգ պաշտօններէն:
Յամենայնդէպս, Գագիկ Ծառուկեանի երէկուան յայտարարութիւնը հանրապետութեան մէջ նոր մթնոլորտ ստեղծելու կարեւոր քայլ մըն էր՝ լարուած, սակայն հետաքրքրական զարգացումներով յղի մթնոլորտ մը: