ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ազգային վարժարաններու աշակերտներուն համար, Ազգ. առաջնորդարանը դարձած է ուխտավայր։ Տնօրէններու ու դաստիարակներու գլխաւորութեամբ, տարուան ընթացքին գոնէ անգամ մը աւարտական կամ այլ դասարաններու աշակերտներ խմբովին առաջնորդարան կ՛այցելեն, որպէսզի ծանօթանան ազգային այս հաստատութեան կառոյցին ու գաղափար մը ունենան անոր բազմաճիւղ առաքելութեան մասին։
Այս ծիրին մէջ, Օրենճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի աւարտական կարգի աշակերտները Չորեքշաբթի, Մայիսին առաջնորդարան այցելեցին եւ արժանացան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ընդունելութեան։ Աշակերտներուն կ՛ընկերանային տնօրէնուհի Գոհար Զահր, ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմի ու ծնողական մարմինի ներկայացուցիչները։
Աշակերտները աւելի քան մէկ ժամ անցուցին առաջնորդարանի յարկին տակ. անոնք սրբազանին հետ աղօթքի պահ մը ունեցան Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռին մէջ, ներկայացուցին արտասանութիւններու ու երգերու փունջ մը, ապա նաեւ՝ առաջնորդարանի ժողովասրահին մէջ «ժողովական» հանդիպում մը ունեցան առաջնորդին հետ, որ տուաւ որոշ լուսաբանութիւններ ու կատարեց թելադրանքներ՝ յատկապէս նշելով, որ յառաջիկայ տարի, երբ շրջանաւարտները դիմեն այլ ուսումնարան, պէտք է չմոռնան իրենց դպրոցն ու անոր հայաշունչ մթնոլորտը։ Առաջնորդը նաեւ յուշանուէրներ ու Աղօթագիրք մը նուիրեց աշակերտներուն ու ընկերակիցներուն։
Աշակերտները ծանօթացան առաջնորդարանի տարբեր բաժանմունքներուն, եւ լուսանկարներով՝ հաճելի յիշատակներով հրաժեշտ տուին Ազգի տան։