ՊԸՐՊԵՆՔ.- Չորեքշաբթի, Մայիս 30ին, երեկոյեան ժամը 7ին, առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ դերասանուհի Գարէն Գօնտազեանի «Inspired by a True Story. The Whip» հատորին շնորհահանդէսը:
Գարէն Գօնտազեան մրցանակակիր դերասանուհի մըն է, որ մասնակցած է աւելի քան 50 հեռատեսիլի ֆիլմերու: Ան հեղինակն է նաեւ «The Actors Encyclopedia of Casting Directors» գիրքին:
Շնորհահանդէսին ներկայացուած գիրքի վաճառման հասոյթը պիտի տրամադրուի Երեւանի Հայ գրողներու միութեան: Շնորհահանդէսի աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: