ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Մըսետի մասնաճիւղի այս տարուան Էլիս եւ Քլիֆըրտ Սփենտլաւի անուան ընկերային արդարութեան, դիւանագիտութեան ու հանդուրժողութեան մրցանակը Հինգշաբթի, Ապրիլ 12ին յանձնուեցաւ մրցանակակիր բանաստեղծ ու հեղինակ, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարի կարեւոր գործիչներէն Փիթըր Պալաքեանի:
Մրցանակին յանձնումը տեղի ունեցաւ համալսարանին մէջ. ընթացքին մրցանակը իր ծնողներու յիշատակին հիմնած Շերի Սփենտլաւը դրուատեց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար Պալաքեանի տարած աշխատանքը՝ վերահաստատելով ուրիշներու կողմէ կատարուած այն խօսքը, թէ Պալաքեան «Հայկական Ցեղասպանութեան հայկական խիղճն է»:
Յայտնենք, թէ մրցանակին համար Պալաքեանը թեկնածու ներկայացուցած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան:
Շրջանը գտնուելուն առթիւ, Պալաքեան Ուրբաթ, Ապրիլ 13ին, նախ համալսարանի ուսանողներուն համար եւ ապա՝ գաղութին համար, տուաւ երկու դասախօսութիւններ՝ նուիրուած բանաստեղծութեան եւ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ապահովելու պայքարին: