ՄԱՐԻ ԹՐԹՌԵԱՆ
Փասատինայի Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան Մայրերու օրուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Մայիս 3ին, ժամը 12էն սկսեալ, Փասատինայի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ:
Ներկայ էին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Պապօշեան, վերապաուտելի Յովսէփ Մաթոսեան, օրուան բանախօսը՝ Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Եուրիկ Աֆտանտիլեան, նաեւ Ռաֆֆի Ճաւաթեան, ՀՕՄի ընկերուհիներ, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան վարչութիւնը եւ Ազգային վարչութեան երեսփոխան Սարգիս Տէրվիշեան:
Սրահի մուտքին, Մայրերու տօնին ուրախ առիթով վարչութիւնը իւրաքանչիւր մօր նուիրեց մեխակ մը:
Ձեռնարկի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգով՝ կատարողութեամբ երգիչ Նշան æաղացպանեանի:
Ճաշկերոյթին բացումը աղօթքով կատարեց վերապաուտելի Յովսէփ Մաթոսեան:
Ատենապետուհի Մարի Թրթռեան հաւաքին բացումը կատարեց՝ բարի գալուստ մաղթելով, մասնաւորաբար շնորհաւորելով Մայրերու տօնը եւ ապա այդ առթիւ բանաստեղծութիւն մը արտասանելով:
Այնուհետեւ ան հրաւիրեց Շաքէ Քէհքէճեանը, որպէսզի ներկայացնէ օրուան մեծարուող մօր՝ Մարօ Մուճուգեանի, կենսագրութիւնը:
Մարօ Մուճուգեան իր կեանքի ընթացքին ունեցած է բեղուն գործունէութիւն: Ան երկար տարիներէ ի վեր կը վարէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան ատենապետուհիի պաշտօնը, որուն համար ան սիրուած եւ յարգուած է ոչ միայն եկեղեցւոյ, այլեւ Փասատինայի բոլոր կազմակերպութիւններուն կողմէ:
Ատենապետուհին եւ վարչութիւնը միասնաբար հրաւիրեցին Մարօ Մուճուգեանը, որ մեծ ուրախութեամբ ստացաւ գնահատագիրը, մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Փասատինայի Տարեցներու միութեան ու բոլոր ներկաներուն, մասնաւորաբար՝ Տկինանց միութեան վարչութեան, որ ամբողջ կազմով ներկայ էր: Ապա ան կտրեց կարկանդակը, որ նուիրուած էր «Վրէժ» անուշավաճարին կողմէ, եւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն՝ ըսելով, որ իր հանգուցեալ մայրը 10 տարիներ շարունակ եղած է զինք պատուող կազմակերպութեան ատենապետուհին:
Ապա խօսքը տրուեցաւ շրջանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ժրաջան հոգեւոր հովիւ Խորէն քհյն. Պապօշեանին, որ շնորհաւորեց օրուան մեծարեալը եւ անոր ու վարչութեան տարած աշխատանքը՝ նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով:
Հրաւիրեալ երգիչ Նշան æաղացպանեան իր հայրենասիրական եւ խանդավառ երգերով փայլք տուաւ ձեռնարկին:
Վերջին խօսողը եղաւ Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Եուրիկ Աֆտանտիլեանը, որ ի սրտէ գոհունակութիւն յայտնեց եւ շնորհաւորեց բոլոր մայրերը՝ յաջողութիւն մաղթելով անոնց:
Յատուկ շնորհակալութիւն երգիչին, որ ամէն տարի Մայրերու օրուան ձեռնարկին մասնակցելով՝ կը խանդավառէ բոլորը: Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ «Ասպարէզ» օրաթերթի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, որ լոյս կ՛ընծայէ մեր գրութիւններուն: