ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղը շուտով պիտի տօնէ իր Շաբաթօրեայ վարժարանի 30ամեակը։ Ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Յունիս 3, 2012ին, երեկոյեան ժամը 5ին, Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ։ Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն սիրուած երգիչ Արա Մարտիրոսեան, «Հայ Փայլուն Աստղ» Լիւսի Հարթ եւ Վարդան ու Սիրանոյշ Գէորգեան ակադեմիոյ պարախումբը: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ վկայականներու բաշխում:
1982ին, քաջ գիտակից իր առաքելութեան՝ «Նայիրի» մասնաճիւղը իր ուսերուն վերցուց գաղութին մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող «Խաչատուր Աբովեան» Շաբաթօրեայ վարժարանի պատասխանատուութիւնը։ Այս վերջինը, որ անհատական ձեռնարկութիւն մըն էր, այդ օրերուն կը դիմագրաւէր նիւթական լուրջ դժուարութիւններ եւ փակուելու վտանգի առաջ կը գտնուէր։
«Նայիրի» մասնաճիւղի այդ օրուան ղեկավարութիւնը հասունութիւնը ունեցաւ կրթութեան օճախ մը փրկելու՝ վարժարանի խնամակալութիւնն ու հոգատարութիւնը ամբողջովին իր ուսերուն առնելով։ Այդ օրուընէ ցայսօր, 30 տարիներ շարունակ, մասնաճիւղի ընկերուհիները, դպրոցի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը անձնուիրութեամբ աշխատեցան՝ պահպանելու համար մեր լեզուն ու մշակոյթը, եւ միեւնոյն ժամանակ հարիւրաւոր աշակերտներու մատղաշ հոգիներուն մէջ վառ պահեցին ազգային գիտակցութիւնն ու հպարտութիւնը։
30ամեակի առթիւ կեանքի կոչուած է յատուկ յանձնախումբ մը՝ բաղկացած նախկին շրջանաւարտներէ, ծնողներէ եւ «Նայիրի» մասնաճիւղի անդամներէ։ Ամիսներէ ի վեր յանձնախումբը ժրաջանօրէն գործի լծուած է, որպէսզի բացառիկ եւ յիշատակելի երեկոյթ մը կազմակերպէ գաղութէն ներս։ Կը հրաւիրենք ՀՕՄի բարեկամներն ու մանաւանդ այն բոլոր հայորդիները, որոնք կը հաւատան, թէ մեր գոյութիւնը ապահովելու միակ միջոցը՝ մեր նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնն է, որպէսզի քաջալերեն «Նայիրի» մասնաճիւղի այս ազգօգուտ ձեռնարկը։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, կարելի է հեռաձայնել Նայրա Ուզունեանի՝ (323) 728-4046, եւ Յովհաննէս Մկրտիչեանի՝ (323) 333 4461 թիւերով: