Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի յատուկ ձեռնարկներու տիկնանց մարմինը ծրագրած է Հինգշաբթի, Յունիս 28ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ կայանալիք յատուկ ձեռնարկ մը: Առաւօտեան ժամը 11ին տեղի պիտի ունենայ «պութիկ», իսկ կէսօրին՝ ճաշ, առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանի սրահին մէջ: Պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր՝ մասնակցութեամբ ջութակահար Մերուժանի: Տեղի պիտի ունենայ վիճակահանութիւն:
Ձեռնարկէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայոց Ցեղասապանութեան 100ամեակին առթիւ առաջնորդարանի համալիրէն ներս կառուցուելիք Հայ Նահատակաց նուիրուած մատուռի ծախսերուն: Մուտքի նուէրն է 75 տոլար: Տեղերը ապահովելու համար՝ հեռաձայնել (818) 404-1662 կամ (818) 216-6633 թիւերուն: