ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Աւելի քան չորս տարի առաջ հաստատուած պատկերասփիւռի «International Christian Family Network» կայանին նպատակն է զանազան լեզուներով, ներառեալ՝ հայերէնով, Աստուածակեդրոն ծրագիրներ հրամցնել ամէն օր, օրական 24 ժամ, շաբաթը եօթը օր՝ «Չարթըր»ի 382րդ ալիքէն, ինչպէս նաեւ համացանցի միջոցաւ՝ www.icfn.tv կայքէն:
Կայանին ի նպաստ ու Քրիստոսը փառաբանելու նպատակով կազմակերպուած է համերգ մը, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ հանրաճանաչ հայ երգիչ ու երաժիշտ Խաչատուր Չոպանեան:
Համերգը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 2ին, կ.ե. ժամը 3ին, 333 E. Colorado St. Glendale հասցէին։ Մուտքը ազատ է։
Խաչատուր Չոպանեան ծնած ու հասակ նետած է Հայաստանի մէջ եւ առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ պիտի ունենայ Ամերիկայի մէջ: Մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել (818) 459-8117 թիւին: