ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին ու համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան պաշտօնաթերթ «Հայ Շարժում»ին մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը, Հէյզըլ Անթառամեան Հոֆմըն կը տեղեկացնէ, թէ նախաձեռնած է 1947-1948 տարիներուն Սփիւռքէն դէպի Խորհրդային Հայաստան ներգաղթը վաւերագրելու եւ յատկապէս զայն արուեստի ճամբով մեկնաբանելու փորձի մը. այդ նպատակին համար, ան կարիքը ունի 1947էն 1966ի միջեւ Հայաստանի մէջ նկարուած լուսանկարներու եւ ներգաղթած հայերու փորձառութիւններէն պատառիկներու:
Հէյզըլ զաւակն է Ուիսքանսըն նահանգի Քենոշա քաղաքէն ու Ֆրանսայի Լիոն քաղաքէն Խորհրդային Հայաստան ներգաղթած հայորդիներու:
Անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակից դառնալ այս ծրագիրին կամ յաւելեալ տեղեկութիւններ կը փափաքին ստանալ, կրնան դիմել hazelantaramhof@yahoo.com հասցէին, նշելով, թէ դիմումը «repatriate project»ին համար է: