ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Ազգային ժողովին մէջ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրաբեան յայտնած է, որ նորընտիր Ազգային ժողովի գումարման առաջին օրը «Բարգաւաճ Հայաստան»ի անդամները պիտի հրաժարին իրենց նախարարական պաշտօններէն։
Յիշեցնենք, որ արդէն ԲՀԿի ցանկէն հրաժարական ներկայացուցած էին առողջապահութեան, ընկերային ապահովութեան, քաղաքաշինութեան նախարարները: Նայիրա Զոհրաբեանը հերքած է նաեւ այն տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն, կուսակցութեան շարքերուն մէջ դժգոհութիւն բարձրացած է՝ համաձայնական կառավարութենէն հրաժարելու մասին Գագիկ Ծառուկեանի կողմէ կատարուած յայտարարութեան դէմ։
««Բարգաւաճ Հայաստան»ում որեւէ մէկը դժգոհ չէ կուսակցութեան կայացրած որոշումից: Որեւէ մէկը կուսակցութիւնը չի լքելու՝ այդ որոշման հետ կապուած», ըսած է Զոհրաբեան:
Ըստ անոր, ԲՀԿն պիտի գործէ կառուցողական դաշտի վրայ եւ պիտի համագործակցի որեւէ քաղաքական ուժի հետ, եթէ նման քայլ մը կը ծառայէ ժողովուրդին եւ օգտակար է Հայաստանի համար։