ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- 28 Մայիսին Սիսիանի զինուորական կեդրոնին առջեւ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ արցախեան պատերազմի մասնակից եւ հերոս Վուրգ Ոսկանեանի արձանին: Ներկայ էին Վուրգի հարազատները, զինակից ընկերները, զինուորականներ, պաշտօնեաներ:
28 Մայիսը Վուրգ Ոսկանեանի ծննդեան օրն է. ան ծնած է 1941ին Սիսիանի Բռնակոթ գիւղին մէջ: Երկար տարիներ աշխատած է Սիսիանի թիւ 1 դպրոցին մէջ: Այնուհետեւ մասնակցած է Արցախի ազատագրական պայքարին:
Սիսիանի զինուորական կեդրոնին առջեւ զոհուած ազատամարտիկին արձանը կանգնեցնելու որոշումը տուած էին Սիսիանի քաղաքապետ Աղասի Յակոբջանեանը եւ հարաւային մաքսատան տնօրէն Աշոտ Մինասեանը 28 Մայիս 2010ին, թիւ 1 դպրոցին մէջ հերոսի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին:
Արձանի հեղինակը քանդակագործ, փրոֆ. Գետիկ Բաղդասարեանն է, որ հեղինակած է նաեւ Համօ Սահեանի արձանը՝ տեղադրուած Սիսիանի հրապարակին վրայ:
Վուրգ Ոսկանեանի արձանը կանգնեցնելու գաղափարը իրականացաւ Աղասի Յակոբջանեանի, Աշոտ Մինասեանի եւ խումբ մը սիսիանցիներու նիւթական աջակցութեամբ:
Բացման ընթացքին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնները եւ Երկրապահ կամաւորական միութեան հանրապետական վարչութիւնը պատուոյ գիրեր ու մետալներ յանձնեցին Վուրգ Ոսկանեանի զինակից ընկերներուն, ոմանց՝ յետ մահու: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր։
Վուրգ Ոսկանեանի անունով կը կոչուի Սիսիանի թիւ 4 դպրոցը, իսկ Արցախի Վակունիս գիւղը, ուր 1993ին զոհուած է ազատագրական պատերազմի հերոսը, վերանուանուած է Վուրգի անունով եւ կոչուած Վուրգաւան: