ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օձունի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերականգնումը պիտի կատարէ «Լեւգուգ» ընկերութիւնը: Մրցումին յաղթողը պարտաւոր է 5-7րդ դարերու հայ ճարտարապետութեան մարգարիտի նորոգութեան եւ վերականգնման աշխատանքները աւարտել երեք տարիէն։
«Յովհաննէս Իմաստասէր կաթողիկոս Օձնեցի» բարեսիրական հիմնադրամին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, նախագիծին արժէքը 320 միլիոն դրամ է: 27 Մարտին յայտարարուած մրցումին մասնակցած են 8 հայկական շինարարական ընկերութիւններ: Մրցումի յանձնաժողովը, որուն մաս կը կազմեն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ «Յովհաննէս Իմաստասէր կաթողիկոս Օձնեցի» հիմնադրամի ներկայացուցիչները, երեք հանգրուաններով քննարկած են ներկայացուած դիմումները եւ ընտրած երկու ընկերութիւն։ «Յովհաննէս Իմաստասէր կաթողիկոս Օձնեցի» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը լաւագոյնը նկատած է «Լեւգուգ» ընկերութեան ներկայացուցած առաջարկը:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքները պիտի սկսին շինարարական աշխատանքներ կատարելու արտօնութեան ձեռքբերումէն ետք։ Այդ ժամանակացոյցի պահպանման եւ աշխատանքի որակին պիտի հսկէ միացեալ իրազեկ յանձնաժողովը, իսկ հեղինակային վերահսկողութիւնը դրուած է նախագիծը կազմողներուն վրայ: Արդէն համաձայնագիր ստորագրուած է «թեքնիք» վերահսկողութիւն իրականացնող մասնագէտներուն հետ:
Օձունի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերականգնման ծրագիրի իրականացումը պիտի ըլլայ պետութեան եւ սեփական մարզի համագործակցութեան անդրանիկ օրինակը:
Վերանորոգողները պարտաւոր են վերականգնել իրենց յանձնարարուած շինութիւնը՝ ամողջական կերպով կառչելով գիտականօրէն հիմնաւորուած նախագիծին: