ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան հրաւէրով, Չորեքշաբթի, Մաիս 23ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ պատրիարք Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. հոգեւոր տիրոջ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, 100ամեակի միջմշակութային եւ 100ամեակի միջերիտասարդական մարմիններուն միջեւ հանդիպում-ընդունելութիւն մը:
Հոգեւոր տէրը բարձր գնահատեց 100ամեակի մարմիններուն տարած աշխատանքները՝ յատկապէս շեշտելով անոնց համագաղութային բնոյթը եւ տարեսկիզբէն մինչեւ Ապրիլ 24 երկարած ձեռնարկներու շարքը:
Իրենց կարգին, մարմիններու ներկայացուցիչները զեկուցեցին տարուած աշխատանքներուն մասին՝ ընդգծելով, որ 100ամեակի մարմիններու աշխատանքները ընդգրկած են ամբողջ գաղութի տարբեր ոլորտներու կազմակերպութիւններն ու միաւորները, եւ որ իրենց աշխատանքները մինչեւ հարիւրամեակ պիտի շարունակուին հետեւողական ձեւով: Արծարծուեցան մշակոյթի ճամբով Ցեղասպանութեան ծանօթացման կարեւորութիւնը, լրատուամիջոցներու հետ մնայուն կապ հաստատելու անհրաժեշտութիւնը, երիտասարդական խաւի ներգրաւուածութեան երեւոյթը եւ Հայաստանի պետական յանձնախումբին հետ մնայուն համագործակցութիւնը զարգացնելու հրամայականը: