ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Մայիս 11ին, Լաւալի մէջ կայացած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան, «Spirit of Armenia» շքանշանով պատուեց Գանատայի խորհրդարանի նախկին անդամ Մատլէն Տալֆոն Կիրալը, որ տարիներու ընթացքին եղած է հայութեան բարեկամ եւ Հայ Դատի ջերմ պաշտպան: 2004ի Ապրիլ 21ին, Կիրալ Գանատայի խորհրդարանի նիստին ներկայացուց Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող «M-380» բանաձեւը, որ վաւերացուեցաւ խորհրդարանին կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.