ՓԱՐԻԶ.- Մայիս 31ի յետմիջօրէին, Էքս-ան-Փրովանսի քաղաքապետարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ արարողութիւն մը. քաղաքապետուհի-երեսփոխանուհի Մարիզ Ժուասէն-Մասինի, Սոֆի Ժուասէն, Ալէն Ժուասէն եւ բազմաթիւ այլ ընտրեալներ պիտի ընդունին Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանը, Մարսէյի աւագ հիւպատոս Վարդան Սրմաքէշը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան՝ Փարիզի ներկայացուցչութեան պատասխանատու Յովհաննէս Գէորգեանը, Էքս-ան-Փրովանս քաղաքը Արցախի քոյր քաղաք հռչակելու հանդիսութեան առթիւ: Երկու կողմերուն միջեւ ստորագրուելիք համաձայնագիրով սկիզբ պիտի դրուի ապակեդրոնացուած գործակցութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.