ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ռուսիոյ նախագահի մշակութային միջազգային համագործակցութեան հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Միխայէլ Շվիտքոյի նախաձեռնոււթեամբ, Երկուշաբթի, Յունիս 4ին, Մոսկուայի մէջ գտնուող ռուսական «Ռոսիսքայա Կազեթա» թերթին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զանգուածային լրատուամիջոցներու պետերուն միջեւ հանդիպում մը:
Հանդիպումը մաս կը կազմէ Արցախի հարցով Ատրպէյճանի ու Հայաստանի ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով տարուող ջանքերուն, որոնց ծիրէն ներս Փետրուարին հանդիպում մը տեղի ունեցած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մտաւորականութեանց ներկայացուցիչներուն միջեւ: