ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ատրպէյճանի հիմնադրութեան 94րդ տարեդարձին առթիւ Կարսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին կողմէ Երկուշաբթի, Մայիս 28ին կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին, երկու կողմի քաղաքագէտները թափ տուին ազգայնապաշտ իրենց զգացումներուն ու անգամ մը եւս դատապարտեցին Հայաստանը։ Բուռն ելոյթ ունեցողներէն մէկն էր Կարսի կուսակալ Ահմետ Գարան, որ ըսաւ, թէ Կարսի արեւելեան սահմանադուռը պիտի չբացուի, այնքան ատեն, որ «հայերը Ղարաբաղի մէջ իրենց բռնագրաւած բոլոր քաղաքները չպարպեն ու անոնցմէ ետ չքաշուին»։ Գարա նաեւ ոգեկոչեց յիշատակը Խոճալուի մէջ սպաննուածներուն եւ պախարակեց «հայերու կողմէ գործուած սպանդները»:
Ընդունելութեան ընթացքին յաճախակի կերպով կրկնուեցաւ Հայտար Ալիեւի այն պատգամը, թէ թուրքերն ու ատրպէյճանցիները «երկու պետութիւն՝ մէկ ազգ» կը կազմեն:
Ատրպէյճանի աւագ հիւպատոս Այհան Սիւլէյմանօղլու յիշեցուց, որ Արցախի «բռնագրաւում»էն ետք, Թուրքիա միշտ զօրակցած է Ատրպէյճանի դատին։
Հանդիսութեան մասնակցեցաւ նաեւ Կարսը «ազատագրած» ուժերու հրամանատար Քարապեքիրի դուստրը, որ յիշեցուց Աթաթիւրքի այն մտածումը, թէ Նախիջեւանը այն դուռն է, որ թուրքին առջեւ կը բանայ Թուրանի դուռը։