ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան Երեքշաբթի, Մայիս 29ին, Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, իր խաղաղութեան ծրագիրին գործադրութեան համար տարուող աշխատանքներուն կողքին քննելով նաեւ անցնող շաբաթավերջին Հոմսի մօտակայ Հուլա գիւղին մէջ տեղի ունեցած ջարդը: Անան «խոր մտահոգութիւն» յայտնած է 108 քաղաքայիններու ջարդին համար, մինչ Դամասկոս կը պնդէ, թէ սպանութեանց պատասխանատուն՝ իշխանութեան դէմ բարձրացած զինեալ ընդդիմութիւնն է:
Արեւմտեան շարք մը երկիրներ իրենց մօտ Սուրիոյ դեսպանները արտաքսելու վճիռներ արձակեցին Հուլայի սպանդէն ետք: ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը եւս Երկուշաբթի օր դատապարտեց ոճիրը:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Անանի հետ՝ Ասատի հետ անոր տեսակցութենէն ետք, կոչ ընելով անոր, որ Հուլայի ջարդի իսկական պատասխանատուները բացայայտէ՝ Սուրիա հաստատուած ՄԱԿի դէտերու կամ հետախուզական անկախ մարմինի մը միջոցաւ: