ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէ»չ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի պաշտօնավարութեան աւարտէն ետք չի բացառուիր, որ այդ պաշտօնը թուրք մը ստանձնէ: Ըստ շրջանառութեան մէջ եղող լուրերու՝ ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը կրնայ ստանձնել Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ: 1952էն ի վեր, ՆԱԹՕի անդամ Թուրքիան, որ այս տարի այդ կառոյցին իր անդամակցութեան 60ամեակը կը նշէ, բնականաբար կ՛ուզէ ստանձAնել ՆԱԹՕի ղեկավարութիւնը եւ կ՛ըսուի, թէ Ռասմուսենի ընտրութեան նեցուկ կանգնելու Անգարայի պայմաններէն մէկը եղած է, յաջորդ ընդհանուր քարտուղարը՝ թուրք մը ընտրելը:
Ռասմուսենի պաշտօնավարութեան ժամկէտը կ՛աւարտի 2013ին, սակայն ան կրնայ այդ պաշտօնին վրայ մնալ մինչեւ 2014, երբ կ՛աւարտի Կիւլի նախագահական պաշտօնավարութիւնը: