ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 20ամեակը։ Հիմնադրամի անցած ուղին անբաժան մասն է մեր անկախ հայրենիքի 20ամեայ կենսագրութեան, որ կերտուած է հայոց պետականութեան կայացման զուգընթաց:
Հիմնադրամը իր յոբելեանը նշեց Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ՝ դասական համերգով մը, որուն մասնակցեցան դասական երաժշտութեան բնագաւառին մէջ Հայաստանի նախագահի մրցանակի արժանացածները եւ «Լաւագոյն ուսանող» ծրագիրի յաղթողները: Համերգին ընթացքին հնչեցին Մոցարթի, Հայտընի, Տիգրանեանի, Վիվալտիի, Ռոսինի եւ այլ հանրաճանաչ երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները: Համերգին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը եւ բարձրաստիճան այլ հիւրեր:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան յայտնած է, որ քսան տարիներուն ընթացքին յաջորդաբար կեանքի կոչուած են ճամբաներ, դպրոց ու հիւանդանոց, ջրագիծ ու կազատար, որոնց շնորհիւ նոր շունչ ստացած են Հայաստանի եւ Արցախի տասնեակ գիւղեր եւ քաղաքներ, ուր բացուած են նոր ու լուսաւոր ապագայի հեռանկարներ:
Անոր համաձայն, այս տարիներուն հիմնադրամը իրագործած է աւելի քան 235 միլիոն տոլար արժողութեամբ բազմաբնոյթ ծրագիրներ: «Քսան տարիների գլխաւոր ձեռքբերումը եղել է մեր հայրենակիցների համախմբուածութիւնը հիմնադրամի շուրջ, որը ոչ թէ կազմակերպութիւն է, այլ մեր հայրենիքին է», ըսած է Արա Վարդանեան՝ շեշտելով, որ իր երազը կը մնայ այն, որ իւրաքանչիւր հայ, անկախ բնակած վայրէն, գոնէ մէկ դրամով մասնակից դառնայ դրամահաւաքին:
Այս առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած էր նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ նշած է. «Փառաւոր ճանապարհը հիմնադրամն անցել է ձեռք ձեռքի տուած Հայաստանում, Արցախում եւ սփիւռքում բնակուող իր բազմահազար նուիրատուների հետ, որոնց անկոտրում կամքի եւ անմնացորդ նուիրումի արդիւնքում կեանք են առել մեր հայրենիքի համար կարեւորագոյն նշանակութեան ենթակառուցուածքներ: Այս յոբելեանը խորհրդանշում է քսան տարիների մեր միասնական ձեռքբերումները, մեծ ու փոքր յաղթանակները, որոնց ուղղուած են հայ ժողովրդի բարօրութեանն ու մեր երկրի յառաջընթացին»: