ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ուրբաթ, 11 Մայիսի երեկոյեան, Համազգայինի Օրենճ Քաունթի «Սիամանթօ» մասնաճիւղը գրական երեկոյ մը կազմակերպած էր շրջանի «Յարութ Պարսամեան» կեդրոնին մէջ։ Ձեռնարկը նուիրուած էր Միսաք Մեծարենցի, միաժամանակ վեր կ՛առնէր հայ տպագրեալ առաջին գիրքին 500րդ տարեդարձը։
Ձեռնարկի վերջաւորութեան, հանդիսականները ականատես եղան գեղեցիկ երեւոյթի մը, որ, վստահ եմ, խռովք ստեղծեց իրենց սիրտերուն մէջ։ Չորս պատանիներ՝ Քրիսթա, Ալիք, Ռեմի եւ Տաւիտ, ներկաներուն հրամցուցին քանի մը կտոր երգ ու նուագ, ստեղծելով բաւարարութիւն առթող պահիկ մը, զոր կ՛ուզեմ լուսարձակի տակ առնել քանի մը պատճառով։
Բաւարարութեան առաջին պատճառը այն է, որ Համազգայինը կը կանգնէր իր գոյութեան պատճառը արդարացնող դիրքի վրայ։ Համազգայինը ծնունդ առած է մեր մշակոյթը պահելու ու անոր զարգացման նպաստելու կոչումով. այդ կոչումին մէկ տարրն է զօրավիգ կանգնիլ արուեստագէտներու եւ քաջալերել, հանրութեան մատչելի դարձնել տաղանդները։ Ահաւասիկ այս վերջին կէտն էր որ կը կիրարկուէր այդ երեկոյ։ Համազգայինը քաջալերողի դերին մէջ էր հանդէպ այդ չորս պատանիներուն, որոնք յանդգնութիւնը կ՛ունենային բեմ ելլելու ՀԱՅԵՐԷՆ ԵՐԳ ներկայացնելու համար, երգ՝ որ սոսկական մատուցում չէր, այլ նաեւ խումբի անդամներուն կողմէ կատարուած ներդրումով մը հարստացած երաժշտական մատուցում։ Առաջին նուագէ մը ետք, տղաքը ներկայացուցին հանրածանօթ «Բարի Արագիլ»ը, երեք կիթառով, մեներգով, զուգերգով ու ապա՝ չորսով միատեղ, իսկ նախավերջին տունէն առաջ, իրենց կողմէ կատարուած միջանկեալ աղուոր մշակումով մը՝ improvisation-ով մը։
Երաժշտական մեծ ուսումով կամ վաստակով բեռնաւորուած տղաք ու աղջիկներ չէին քառեակին անդամները, ոչ ալ կատարումը վարժ վարպետի գործ էր. ներկայացումը յստակօրէն սիրողականի սահմաններուն մէջ էր, սակայն քառեակը օժտուած էր կարեւոր հարստութեամբ մը՝ ՀԱՅ ԵՐԳով լիցքաւորուելու, հայ երգով հարստանալու ու համակելու տրամադրութեամբ։
Եթէ ներկաներուն մէջ երաժիշտներ ու երաժշտագէտներ կային, վստահաբար անոնք այս տողերը պիտի կարդան որոշ վերապահութեամբ, մտածելով, որ համեստ մատուցում մը կը փորձեմ դիտել խոշորացոյցով ու բազմապատկուած արձագանգումով։ (Նման «պզտիկ կայծեր» կը խանդավառեն զիս. յանցաւո՞ր եմ…) Երաժշտագէտները իրաւունք կ՛ունենան, եթէ երեւոյթը ուզենք դիտել զուտ արուեստի դիտանկիւնէն, սակայն ինչ որ կ՛ուզեմ լուսարձակի տակ բերել, այդ չորս պատանիներուն ու պարմանուհիներուն ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑԵԼՈՒ կամքն է, որ արտայայտութիւն գտաւ երգի մը ու երաժշտութեան ճամբով։
Հանդէսի փակումէն ետք, երբ կը զրուցէի պատանիներէն մէկուն հօրը հետ, գտայ աղբիւրը՝ քիչ առաջ ապրած, սակայն մինչ այդ անբացատրելի մնացող խանդավառութեանս։ Բացատրեց, որ վերջին շրջանին, զաւկին ու ընկերներուն մէջ կը նկատէ մղում մը՝ դէպի հայկական երգ ու երաժշտութիւն։ Ահա թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէի «արմատներուն հետ հաղորդակցելու» վերոյիշեալ ակնարկութեամբս։
Կարճ զրոյց մը ունեցայ նաեւ քառեակին անդամներուն հետ. իրենց բառերով ու անկեղծ արտայայտութիւններով բացատրեցին հայ երգին հանդէպ իրենց սէրը։ 15-16 տարեկան այդ տղաքն ու աղջիկները վստահաբար նոր թեւակոխած են արուեստի արահետը, շատ բան ունին սորվելիք, որպէսզի իրենց տաղանդը ծաղկի եւ հարստանայ (տաղանդը առանց աշխատանքի, առանց քրտինքի՝ երկար ճամբայ չի տանիր)։ Համազգայինէն առաջին խրախուսանք գտնելով, անոնք վաղը կրնան յաջորդ քայլերը առնել (յուսալի է, որ ճամբան շարունակեն) եւ աւելի ուշ, մեր երգի, իրա՛ւ հայ երգի պարտէզը ծաղկեցնել իրենց կամ հայ բանաստեղծներու գործերուն վրայ երաժշտական յօրինումներով։ Չէ՞ որ մեր բանաստեղծներէն շատեր կը սպասեն գիրքերու էջերու «բանտ»էն դուրս գալու եւ իբրեւ երգ տարածուելու մեր ժողովուրդի շուրթներուն…
Ու… ամէնէն կարեւորը, այս տղաքը իրե՛նք պիտի գտնեն հայ երգի ճամբան, սեփական ճիգով պիտի առաջնորդեն այդ ճամբուն վրայ, վարակելով նաեւ ուրիշներ, հասակակիցներ։ Անոնք ու նմանները պէտք ունին երէց սերունդի զօրակցութեան, գուրգուրանքին ու խրախուսանքին, որպէսզի այսօրուան ծիլերը վաղը դառնան պտղատու ծառեր։
14 Մայիս 2012