ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի ուղղուած՝ Երեքշաբթի, Մայիս 29 թուակիր նամակի մը մէջ, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի դեմոկրատ բարձրաստիճան անդամ Հաուըրտ Պըրմըն մտահոգութիւն յայտնած է Ատրպէյճանին արդիական ռազմական սարքաւորումներ ծախելու ամերիկեան որոշումին առթիւ՝ ազդարարելով, թէ նման քայլ մը կրնայ քաջալերել Պաքուի իշխանութիւնները, որ սաստկացնեն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սպառնալիքները ու նոյնիսկ անոնց միջոցաւ յարձակումներ իրագործեն սահմանային կէտերու վրայ:
Նկատի ունենալով այս մտահոգութիւնները եւ շեշտելով, թէ նման սարքաւորումներու փոխանցումը պիտի խախտէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համահաւասար զէնքեր ծախելու ամերիկեան սկզբունքը՝ Պըրմըն կոչ կ՛ընէ Քլինթընին, որ կասեցնէ այդ սարքաւորումներուն յանձնումը Ատրպէյճանին:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Պըրմընի այս քայլը: