ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գանատական «Նեշընըլ Փոս»չ թերթի գլխաւոր խմբագիր Ճանըթըն Քէյ, «Հայոց Ցեղասպանութեան վրայ թարմ հայեացք նետելու ճիշդ ժամանակն է» խորագիրով յօդուածին մէջ վերլուծած է Ցեղասպանութեան պատմութիւնը:
Հարցը կապելով թրքական «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն վրայ յարձակման հարցով այս շաբթուան ընթացքին իսրայէլացի ռազմական հրամանատարներու դէմ թրքական ատեանի մը արձակած 8000էն մինչեւ 18,000 տարուան բանտարկութեան վճիռներուն՝ ան կը գրէ. «Երեւակայեցէք միայն, եթէ Իսրայէլի զինուորականները իսկապէս հրէշաւոր արարք մը կատարած ըլլային. օրինակ, կրնանք այս դէպքը համեմատել Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին հայերու դէմ Օսմանեան թուրքերու կատարածին հետ: Որքան տարիներու բանտարկութեան պէտք է դատապարտել 1.5 միլիոն անմեղ մարդոց կեանքերը խլած պատասխանատուները: Աւա՜ղ, Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակաշրջանի օսմանեան մարդասպանները վաղուց արդէն հրաժեշտ տուած են այս աշխարհին՝ հանգիստ մահանալով իրենց ննջարաններուն մէջ, ի տարբերութիւն այն հայ տղամարդոց եւ կանանց, ովքեր մահացած են սովէն կամ հիւանդութիւններէն, Անատոլիոյ տարածքէն հարկադրաբար քշուելու ընթացքին»:
Ան ապա կը մատնանշէ Ցեղասպանութեան մասին գրած՝ «Քլարք» համալսարանի փրոֆ. Թաներ Աքչամի գործերը, եւ կ՛աւելցնէ. «Նոյնիսկ մէկ դար անց, թուրք պաշտօնատարները Ցեղասպանութիւնը տակաւին կ՛անուանեն «իրադարձութիւններ»: Իր կարգին՝ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յորդորած է իր կառավարութեան պաշտօնեաները՝ օգտագործել «1915ի իրադարձութիւններ» արտայայտութիւնը՝ նկարագրելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ Հրէական Ողջակիզումը՝ «1940ականներու իրադարձութիւններ»: Եթէ Թուրքիա սկսի «դասախօսութիւն» կարդալու Իսրայէլի, ապա կը նշեմ, որ այս երկիրը պէտք է դասախօսութիւնը սկսի նախ իր մասին՝ հայերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ կատարած իր սարսափելի յանցագործութիւններու եւ հրէշաւոր արարքի խոստովանութեամբ»: