ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հռոմի մէջ կայացած աճպարարներու միջազգային մրցոյթին յաղթած է 15ամեայ Սօս Պետրոսեան կրտսերը: Յաղթողի մեծ հայրը եւ միջազգային մրցոյթի պատուաւոր հիւր Սօս (Իոսիֆ) Պետրոսեան նշած է, որ մրցոյթի մասնակիցներու ընտրութիւնը տեւած է 6 ամիս: Այդ մրցոյթին առաջին անգամն ըլլալով է որ հայ մը մասնակցած է: Նախագիծին մասնակցած են 3000 աճպարարներ աւելի քան 60 երկիրներէ:
Դատակազմի ամդամ եղած են համաշխարհային ճանաչում ունեցող աճպարարներ Ուրի Քելեր, Ֆրանց Հարարի, Էդ Ալոնսօ եւ Տոպազ:
Մրցոյթի կիսաեզրափակչին հասած են միայն 70 մասնակիցներ, իսկ եզրափակիչին՝ 10 երկիրներէ մասնակիցներ, որոնց շարքին Ճափոնէն, ԱՄՆէն, Չինաստանէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Քորէայէն եւ Հայաստանէն: Պետրոսեան-կրտ-սերը ցոյց տուած է միքրոմոգութեան եւ խաղաթուղթերով մոգութեան իր վարպետութիւնը:
Հռոմի մէջ առաջին անգամ կայացող միջազգային սոյն մրցոյթը պիտի ցուցադրուի իտալական «Canale 5» պատկերասփիւռի կայանէն Հոկտեմբեր 5ին: