ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 25 Մայիսի երեկոյեան ժամը 7ին, Դպրեվանքէն ներս տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, հայ գրականութեան տիտաններէն Յակոբ Օշականի նուիրուած։ Օրուան բանախօսն էր վաստակաւոր գրագէտ եւ խմբագիր Պօղոս Սնապեան։
Բացման խօսքը կատարեց Յովհաննէս Ստեփանեան։ Ապա Կարապետ Նաճարեան եւ Շանթ Շարոյեան Օշականի մասին վկայութիւններ ընթերցեցին։
Դասախօսը, իր ուսանողական յուշերուն մասին խօսելէ ետք, ներկայացուց Օշականը իբրեւ խստապահանջ ուսուցիչ մը, որ իր աշակերտներուն ինքնատիպ յառաջդիմութիւնը դարձուցած էր իր մտասեւեռումը։ Ապա ան ընդգծեց, թէ Օշական կը պահանջէր, որ իր աշակերտները նորութիւն բերեն իրենց գրիչով եւ ո՛չ թէ զինք ընդօրինակեն կամ կրկնեն։
Դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եզրափակեց երեկոն, Օշականը որպէս յամառ ընթերցանութեան եւ ինքնազարգացման իւրայատուկ տիպար վերբերելով։