Թոյլ տուր, որ ես ալ իմ շնորհակալութիւններս յայտնեմ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ «Ասպարէզ»ի անձնակազմին, որ կազմակերպած էին ծննդեանդ 80ամեակի հանդիսութիւնը:
Բարեմաղթութեանց լաւագոյն զգացումներուս կողքին, քեզի նկատմամբ ունիմ յարգանք ու մեծարանք՝ տարած աշխատանքիդ ու ցոյց տուած զոհաբերումներունդ որպէս ականատես. շնորհակալական խօսք՝ տարիներու վաստակիդ, ցուցաբերած պատրաստակամութեանդ, անտրտունջ մատակարարութեանդ եւ օրինակելիութեանդ համար, որպէս ազգային ծառայութեանց յանձնառու մարդու, բարեկամի եւ ընկերոջ:
Ուրախ եմ եւ հպարտ, որ Հայ Դատի յանձնախումբը, Ազգ. առաջնորդարանը, Ազգ. վարչութիւնը եւ առաջնորդ սրբազան հայրը դիմած էին վեհափառ հայրապետին եւ ապահոված՝ քեզի ընծայուած «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանը, որուն փաստօրէն արժանի էիր:
Հանգամանքներու վրայ չեմ, եւ զգացումներուս արտայայտման ետին այդ պարտաւորութիւնը չունիմ, բայց գնահատական խօսքերու երբ կու գայ հարցը, ինքնեկ մղումն է, որ առիթը կու տայ ինծի ըլլալու քեզի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնելու քեզի՝ Հայ Դատին ի նպաստ կատարած ներդրումներուդ համար:
Մշակի մը տարած աշխատանքին եւ յանձն առած զոհողութեանց տարողութեան ծանօթ են անոնք, որոնք քով քովի մասնակից են յանձնառութեանց եւ ներդրումներուն:
Կրկնակի հերոսներու կոչումն ալ կայ պատերազմի դաշտին վրայ: Կեանքը այդ պատերազմն է, ու դուն այդ մարտի կրկնակի հերոսներէն ես, տուիր այնքան, որքան կրնայիր ու աւելին՝ օրդ, ժամանակդ եւ նիւթական առատ ներդրումներդ:
Հայ Դատի եւ ՀՅԴի նկատմամբ ունեցած հաւատքիդ խորութիւնն է, որ ամէն բանէ աւելի կը տպաւորէ զիս, որուն համար ներէ՛, սիրելի ընկեր, եթէ որպէս համեստ մէկ ընկերդ՝ «Կրկնակի Ասպետ» անուանեմ քեզ:
Կը մաղթեմ քեզի արեւշատութիւն եւ նորանոր ներդրումներ:
Կը շնորհաւորեմ ծննդեանդ 80 ամեակը:
Սիրով,
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ