ՊԸՐՊԵՆՔ.- Մայիս 14ին, «Դաւթեան-Մարիամեան» հաստատութեան ներկայացուցիչները առաջնորդարան այցելելով՝ հանդիպում ունեցան առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հետ եւ խորհրդակցեցան յառաջիկայ իրենց համագործակցութեան հնարաւորութեանց մասին:
Սրբազան հայրը տեղեկացուց, որ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանը նշանակած է հոգեւոր տեսուչ՝ վարժարանի կրօնից դասաւանդութիւններ կատարելու համար: