ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուրբաթ, Մայիս 18ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլի Ս. Պետրոս Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեանի, որ նաեւ ատենապետն է ընտանեկան բռնութիւններու առաջքը առնող յանձնախումբն, այցելեցին Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայքըլ Անթոնովիչին՝ խորհրդակցելու համար առաջնորդարանի կողմէ ծրագրուած ընկերային զանազան ծառայութիւններու մասին:
Տէր հայրը յայտնեց, թէ նշեալ յանձնախումբը լծուած էր իր օգտակար առաքելութեան եւ հեռաձայնային տեղեկութեանց կեդրոն մը հաստատելու գործին: Անթոնովիչ խոստացաւ օժանդակել այս ծրագիրին: