Լիպերիոյ նախկին նախագահ Չարլզ Թէյլըր, Մայիս 30ին, 50 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ Լա Հէյ հաստատուած պատերազմական ոճիրներու միջազգային ատեանի մը կողմէ, Լիպերիոյ դրացի Սիէրա Լիոնի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին ընդդիմութիւնը զինելու յանցանքով: 64ամեայ Թէյլըր հանդիսացաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք միջազգային ատեանի մը կողմէ դատապարտուած առաջին նախկին նախագահը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.