ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի հետ 1.6 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնք եւ սպառազինութիւն գնելու համաձայնագիր ստորագրելէ ետք, Ատրպէյճան Իսրայէլէն տասնեակ մը անօդաչու օդանաւեր գնելու նոր պայմանագիր ստորագրած է. այս մասին Չորեքշաբթի, Մայիս 30ին հաղորդած են ատրպէյճանական լրատու գործակալութիւնները:
Նոր համաձայնագիրին արժէքը 300 միլիոն տոլարի շուրջ է: