ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Ըստ դաշնակցական պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանի, այս Ազգային ժողովը ճահիճ պիտի ըլլայ։ Ան նման տպաւորութիւն ստացած է 31 Մայիսին կայացած ԱԺի լիագումար նիստին ընթացքին տիրող մթնոլորտէն։
Ան ըսած է. «Բայց կը ցանկանայի, որ այդպէս չլինէր, եթէ կոմֆորտ է իրեն զգում մեծամասնութիւնն էս վիճակում, նրանց գործն է, բայց երկրի համար այս խորհրդարանը, չեմ կարծում, որ կարողանայ օգտակար լինել»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս Ազգային Ժողովին մէջ Դաշնակցութիւնը աւելի շեշտուա՞ծ ընդդիմութիւն պիտի դառնայ, քան՝ նախորդ Ազգային ժողովին մէջ՝ Յովհաննիսեան ըսած է. «Մենք ընդդիմադիր կուսակցութիւն ենք, ընդդիմադրի ծայրայեղականը կամ մեղմ, լպրծունը ես չեմ հասկանում: Ընդդիմութիւնն ընդդիմութիւն է»: Ան աւելցուցած է, որ նախորդ խորհրդարանի ՀՅԴ խմբակցութեան գործունէութիւնը յստակ օրինակ է այն իրողութեան՝ «թէ ինչպիսին պէտք է լինի ընդդիմութիւնը. սեւին պէտք է ասի սեւ, սպիտակին՝ սպիտակ, եւ դա էլ մենք անելու ենք»:
Յստակ է, որ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած ուժերէն առնուազն երեքը՝ ՀՅԴն, Հայ Ազգային Կոնգրեսը եւ «Ժառանգութիւն»ը ընդդիմադիր են: Հարցում կը ծագի այն մասին, թէ որո՞ւ հետ պիտի գործակցի Դաշնակցութիւնը՝ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ պաշտպանելու կամ անոնց դէմ կանգնելու ընթացքին։ Վահան Յովհաննիսեան ըսած է, որ խորհրդարան է, այս կամ այն հարցի գծով կրնաս դաշնակիցներ գտնել կամ չգտնել։