ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուրուկուէյի նախագահ Խօսէ Մուխիկան պաշտօնանկ ընելով երկիրի զբօսաշրջութեան եւ մարմնամարզի նախարար Էկտոր Լեսկանօն՝ այդ պաշտօնին պիտի նշանակէ մինչ այդ փոխնախարարի պաշտօնը զբաղեցնող հայազգի Լիլիան Քէշիշեանը:
Քէշիշեան, որ եղած է նաեւ երկիրի խորհրդարանի պատգամաւոր, նախարար նշանակուելով կը դառնայ առաջին հայը, որ կը հասնի այդ բարձր պաշտօնին:
Տարիներ առաջ Լիլիան Քէշիշեան ստորագրահաւաքի մը նախաձեռնած էր, որպէսզի Եւրոմիութիւնը Թուրքիայէն պահանջէ ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ պայման Եւրոմիութիւն մտնելու գործընթացի սկսման: