Ապրիլ 20ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան հանրային կապի յանձնախումբի նախաձեռնած Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցի ոգեկոչումը, «Մարի Գապայեան» վարժարանի բակին մէջ։ Որոշեալ ժամէն քիչ անց, հանդիսականները յոտնկայս ընդունեցին ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղի սկաուտները, որոնք կատարեցին դրօշակի արարողութիւնը եւ ունկնդրեցին Միացեալ Նահանգներու ու Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգները՝ Թուխման Խաչատուրեանի կատարողութեամբ։
Հանդիսավար Մարզպետ Մարկոսեան, ներածական հակիրճ խօսքով կատարեց բացումը ոգեկոչման հանդիսաւոր երեկոյին։ Հանդիսավարը երեկոյի ճշգրիտ հունը սահմանեց, թէ՝ ոգեկոչումը պիտի կատարուէր մեր մանուկ որբերու ճակատագիրի արժեւորումով ու անոնցմէ շատերուն եղերական նահատակումով՝ կեդրոնանալով Այնթուրայի որբանոցի որբերու ճակատագիրներուն վրայ։ Ան յիշեց իր այցելութիւնը Այնթուրա՝ 2010ին, ու ակնարկեց ցուցաբեղկի մէջ դրուած լուսանկարի մը, որուն մէջ Ցեղասպանութեան երեք գլխաւոր ոճրագործներէն՝ Ճեմալ Փաշան, նկարուած էր որբերուն հետ։ Ան առասպելական գայլը եղած էր մեր անպաշտպան ու անծնողք որբերուն, որոնց ծնողներուն սպանդին պատասխանատուներէն էր նոյնինքը՝ Ճեմալը։
Բացման խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ «Հրայր Մարուխեան» պատանեկան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Բիւզանդ Աթաշեանի. խումբը կատարեց ՀՅԴի քայլերգն ու այլ ազգային երգեր։
Քեռի Թրթռեան կարդաց ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի խօսքը՝ հաստատելով, որ «սգալու համար չենք հաւաքուած, այլ մեր նահատակներուն փոխանցած կտակը հետապնդելու, իբրեւ պահանջատէր արդարութեան ու Ցեղասպանութեան ճանաչման, ու ոչ միայն բարոյական ու նիւթական հատուցումին, այլ՝ առնուազն Ուիլսընեան սահմաններով մեր նահատակներու բնօրրանին։
Ընթերցումին յաջորդեց Մարալ Վարժապետեանի ասմունքը՝ Պարոյր Սեւակի, Յովհաննէս Շիրազի ու Յովհաննէս Թումանեանի քերթուածներուն։
Արտասանութեան աւարտին, հանդիսավարը ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեանը, ու հրաւիրեց զայն ներկայացնելու օրուան նիւթը՝ «Այնթուրայի որբանոցը Լիբանանի մէջ. Թրքացման ծրագիրը Ցեղասպանութեան ընթացքին»։
Փրոֆեսէօրը բաւական մանրակրկիտ համապատկեր մը վրձինեց Եղեռնի որբերուն վերապահուած ճակատագիրին ու վերապրումին. ան նշեց, թէ ինչպէ՛ս հայասպանութիւնը ծրագրուած ու գործադրուած էր բծախնդիր մանրամասնութեամբ, այնպէ՛ս ալ նաեւ որբերուն ճակատագիրը ոճրային մանրամասնութեամբ որոշուած էր. օրինակ՝ որբերու առեւանգում կամ յափշտակում, բռնի ուծացում, տարտղնում թուրք ընտանիքներու մէջ, քաջալերանք թուրք ընտանիքներու, որպէսզի հայ որբեր ընդունէին, ոչ թէ մարդկային խղճմտանքի անհանգստութենէ մղուած, այլ՝ տիրանալու այդ որբերու սպաննուած ծնողներուն ինչքին, որովհետեւ այդ որդեգրուած երեխաները ժառանգատէրն էին պապենական հողերուն, եւ ուրեմն այդ ինչքերը պիտի փոխանցուէին զիրենք որդեգրած թուրք ընտանիքներուն։
Ըստ բանախօսին, որբերուն յատկապէս արգիլուած էր որեւէ կապ հաստատել իրենց հարազատներուն հետ, կամ՝ հայրենի որեւէ զբաղում, ինչպէս հայերէն խօսիլ, երգել եւլն.։ Իսկ այն թուրք ընտանիքները, որոնք մարդկային կեցուածք կը ցուցաբերէին, անոնց պատիժը կ՛ըլլար անմիջական սպանութիւն։
Մասնաւորելով իր խօսքը որբանոցին մասին՝ բանախօսը բացատրեց, թէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի երրորդ տարուան ընթացքին, հոն 4-6 տարեկան 2000 հայ եւ քիւրտ որբեր կային։ Տղաքը՝ բանակին մէջ, իսկ աղջիկները՝ հարեմներու մէջ ծառայելու համար կը պատրաստէին։ Որբանոցին մէջ թրքացումի յառաջընթացը կը սկսէր՝ մանուկներու անունները փոխելով։ Հայերէն չէին կրնար խօսիլ կամ աղօթել, սակայն առանձնութեան մէջ գաղտնօրէն իրարու հետ կը խօսէին եւ միշտ կը յիշեցնէին իրարու, թէ պիտի չթրքանան։ Երեխաները դաժանօրէն կը պատժուէին, եթէ համարձակէին հայերէն խօսիլ։
Նաեւ, սնունդի պակասն ու հիւանդութիւնները զգալիօրէն նուազեցուցած էին որբերուն թիւը։ Այսպէս, պատերազմի աւարտին, երբ դաշնակիցները տիրացան շրջանին, Այնթուրայի աւելի քան 2000 որբերէն վերապրած էր միայն 669 որբ, որոնց 184ը՝ քիւրտ: Բանախօսը աւելցուց, թէ թուրքերու վտարումէն անմիջապէս ետք, որբանոցի խնամակալութիւնը կ՛անցնի ամերիկացի միսիոնարներուն, եւ շատ չանցած՝ հայ որբերը կը ղրկուին Հալէպ, իսկ քիւրտ որբերը՝ Դամասկոս։
Բանախօսութիւնը իր մանրամասնութիւններով կենդանի պատկերի մը իրապաշտ տպաւորութիւնը ստեղծեց։ Ի վերջոյ, ներկաները, գրեթէ բոլորն ալ, շառաւիղներն էին այդ որբերուն կամ անոնց դասակից ու «մանկութիւն չունեցած» երեխաներուն։
Փրոֆ. Շէմմասեանի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» պարախումբի կատարումը խորհրդանշական երեք պարերու՝ երեք տարբեր խումբերով։
Ոգեկոչման երեկոն աւարտեցաւ հաւաքական հսկումի մոմավառութեամբ եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Դպրաց դասի՝ «Տէր Ողորմեա՛»ի, «Հայր Մեր»ի ու «Կիլիկիա»ի կատարումով, ղեկավարութեամբ՝ Կոմիտաս Քէշիշեանի։