Սուրիոյ հայ համայնքը, անվտանգութեան առումով, առայժմս տակաւին լուրջ խնդիրներ չի դիմագրաւեր. լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
Ան աւելցուց, սակայն, որ իրավիճակը Սուրիոյ մէջ մտահոգիչ է՝ նկատի ունենալով անոր հնարաւոր ազդեցութիւնը նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի այլ երկիրներու վրայ: «Առայժմ, անվտանգութեան առումով, համայնքը լուրջ խնդիրներ չունի եւ համայնքի անդամներու արտահոսքը այլ երկիրներ դեռ այնքան ալ մեծ չէ», ըսաւ ան:
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ մէջ շուրջ 80 հազար հայ կ՛ապրի, իսկ, ՄԱԿի տուեալներով՝ աւելի քան 1 տարիէ ի վեր տիրող բախումներուն հետեւանքով Սուրիոյ մէջ ցարդ զոհուած է շուրջ 13 հազար մարդ:
Կիրօ Մանոյեան նշեց նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած անկայուն տնտեսական իրավիճակը, բնականաբար, կ՛ազդէ նաեւ Սուրիա բնակող հայերուն վրայ:
Սակայն, անոր խօսքով՝ նման խնդիրներ կրնային յառաջանալ նաեւ այլ համայնքներու մէջ, եւ իւրաքանչիւր երկրի համայնք պէտք է պարզապէս համակերպի այդ միտքին հետ: