ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երեւան կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Ռիչըրտ Տուրպին, զոր ընդունեցին Հայաստանի նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը:
Հրապարակուած հաղորդագրութիւնները դիւանագիտականօրէն բաւական բանաձեւուած՝ երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւնները դրուատող ոչինչ ըսող միտքեր կը պարունակեն:
Ինչ որ կը նեղացնէ մեզ այն է, թէ այս ծերակուտականը Հայաստանին ու հայկական հարցերուն ի նպաստ դիրքորոշում ունեցող, մեզ շահագրգռող օրինագիծերու ու բանաձեւերու զօրակցող մէկը չէ:
Հայկական դիւանագիտութեան գլուխը կանգնած անձերու քաղաքավար ու նրբանկատ վերաբերումը այսօրինակ քաղաքական դէմքերու հանդէպ, թերեւս կարելի է արդարացնել փրոթոքոլային հիմնաւորումներով, սակայն կը կարծենք, որ մանաւանդ հայկական համայնք ունեցող ԱՄՆի նման երկիրի մը ընտրովի ներկայացուցիչը պէտք է զգայ, որ մեր պետութեան ղեկավարները իրենցմէ աւելի շօշափելի զօրակցութիւն կ՛ակնկալեն՝ մեր երկրին ու ազգին վերաբերող օրակարգերու գծով: Մեր պետական այրերու վերաբերմունքը պէտք է ձեւով մը արտայայտէ ամերիկահայ համայնքի զգացումները՝ այդ մարդոց հանդէպ: Գիտենք, որ Էտըմ Շիֆի նման քոնկրեսական մը ինչպիսի՛ ոգեւորութեամբ կը դիմաւորուի Հայաստանի մէջ: Հետեւաբար, հայութեան հարցերու չսատարողներն ալ պէտք է զգան Հայաստանի վերապահութիւնը. որոշ սառնութիւն մը պէտք է դրսեւորուի պաշտօնական հաղորդագրութեանց մէջ:
Հիմա ալ Հիլըրի Քլինթընը պիտի երթայ Երեւան: Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ներկայ անբաւարար վիճակէն ու նախագահ Օպամայի խոստմնադրուժ վարքագիծէն մեկնելով՝ կը յուսանք ու կ՛առաջարկենք Հայաստանի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին, որ արժանապատուօրէն օրակարգի վրայ դնեն Արցախի վերաբերեալ ԱՄՆի վերջին ձախաւեր յայտարարութիւններու, Շիքակոյի խորհրդաժողովէն բխած ՆԱԹՕի հակա-Արցախ բանաձեւի եւ հայ-թուրք յարաբերութիւններու իրենց միակողմանի վերաբերմունքի հարցերը՝ արտայայտելով հայութեան վրդովմունքը, պահանջելով յաւելեալ զգայնութեամբ վարուիլ Արցախի եւ Հայաստանի հանդէպ ու փոխել Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու վարքագիծը:
Հայաստան կրնայ այս հարցերուն հանդէպ աւելի պահանջկոտ ըլլալ ու երեւանեան հանդիպումներու ընթացքին չբաւարարուիլ դիւանագիտական ձեւականութիւններով, որովհետեւ՝ իր թիկունքին է ամերիկահայ համայնքը: