ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի միջազգային պահեստները Ապրիլ 2012ի դրութեամբ կազմած են 1.69 միլիառ տոլար, յայտնած է Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը։ Վերջին ամիսներուն արձանագրուած է միջազգային պահեստներու նուազում: Այսպէս՝ 2011ի վերջերուն միջազգային պահեստները կը կազմէին 1.93 միլիառ տոլար, իսկ Մարտին՝ 1.7 միլիառ տոլար:
Հայաստանի միջազգային պահեստներու կառոյցին մէջ կը շարունակեն գերակշռող մնալ արժեթուղթերը՝ 1.37 միլիառ տոլար: Կանխիկ արտարժոյթը կը կազմէ 264 միլիոն տոլար: